ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան եւ Մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեան Ապրիլ 21-էն 23 կը մեկնէին Իտալիա` մասնակցելու Վենետիկի Երկամեայի ժամանակակից արուեստի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին:
Միջազգային Երկամեան տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ 23-էն Նոյեմբեր 27՝ «The Milk of Dreams» խորագրին տակ:
Հայաստանեան տաղաւարը կը ներկայանայ «Ղարիբ» ծրագրով (համադրողներ՝ Անի Տաւիտեան, Ելենա Սորոքինա, արուեստագէտ՝ Անտրիուս Յարութիւնեան):