Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԵՐՍԱՅԼ – Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած բացառիկ համերգը

Ապրիլ 22-ի երեկոյեան Վերսայլի պալատի արքայական մատուռին մէջ՝ հայ եւ ֆրանսացի երաժիշտներու կատարումով, տեղի ունեցաւ «Հայկական ոգիներ» («Âmes arméniennes») տիտղոսը կրող խորհրդանշական եւ բացառիկ համերգ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վերսայլի արքայական պալատի օփերային եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ։

Լեփ-լեցուն մատուռին մէջ՝ բազմահարիւր հանդիսատեսներու առջեւ ելոյթ ունեցան Վերսայլի պալատի արքայական օփերայի նուագախումբը՝ Սթեֆան Փլեւնիաքի ղեկավարութեամբ, «Սուրբ Խաչ» երգչախումբը՝ Շահէ Քեշիշեանի խմբավարութեամբ, ինչպէս նաեւ տաղանդաշատ հայ քանոնահար Նարեկ Քազազեան, միջազգային հռչակ վայելող ֆրանսահայ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի մենակատար՝ դուդուկահար, շուիահար Հելբերտ Ասատրեան։ Վերջիններս կատարեցին հայ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարները, ի շարս որոնց՝ Մաշտոցեան շարականները, Կոմիտասի հայկական ժամերգութեան, ինչպէս նաեւ Սայեաթ Նովայի գուսանական արուեստի մշակումները եւ 19-20-րդ դարերու հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները։

Համերգին ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան, Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Ֆրանսայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, խորհրդարանականներ, Եւրոպայի խորհրդարանի անդամներ, քաղաքապետեր, մտաւորականներ, հասարակական, գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ ներկայացուցիչներ։

«Հայկական ոգիներ» խորագրով համերգը,– հայ երաժշտական արուեստի գոհարները Վերսայլի մէջ անցեալ տարի մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած անդրանիկ համերգին օրինակով,– արժանացաւ հանդիսատեսի երկարատեւ ծափահարութիւններուն եւ ջերմ ընդունելութեան։

Վերսայլի պալատի արքայական մատուռին մէջ երկրորդ անգամ կազմակերպուած այս համերգին արժանացած բարձր գնահատականն ու յառաջացուցած լայն արձագանգը նկատի ունենալով՝  Վերսայլի արքայական պալատը մտադիր է աւանդութեան վերածել Վերսայլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման համերգները։