Յուլիս 17-ին, Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը մերժած է Արցախի հերոս, Ապահովութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը բանտարկելու միջնորդութիւնը։
Վերջինիս փաստաբանը՝ Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան հաղորդած է, թէ Բալասանեան ազատ արձակուած է եւ առայժմ հիւանդանոցին մէջ կը շարունակէ իր բուժումը։