Մայիս 15-ին, Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի ձեռամբ եւ հոգեւորականաց դասին մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է հայ եւ վրացի ազգերու դարաւոր բարեկամութիւնը յաւերժացնող խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Խաչքարը նուիրուած է թիֆլիսահայ Մխիթարեան ընտանիքին կողմէ։