Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՏԱՃԻԿՍՏԱՆ. Տուշանպէի մէջ հանդիպում կ՚ունենան Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ազերպայճանի ԱԳ նախարարները

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մայիս 12-13 կ՚այցելէր Տուշանպէ` մասնակցելու ԱՊՀ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:

ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հոն նախատեսուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներուն հանդիպումը:

Նախարար Միրզոյեան տեսակցութիւններ կ՚ունենայ նաեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ։