Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տնտեսական զարգացման հրամայականը

Արդարադատութեան միջազգային ատեանը իր վճիռը արձակեց ի նպաստ Հայաստանի, պահանջելով Ազերպէյճանէն որ ապահովէ Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը։ Սակայն, հակառակ այդ վճիռին արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ միջանցքը տակաւին փակ կը մնայ։ Մեծ տէրութիւնները դատապարտած էին միջանցքին փակ մնալը։ Ներկայիս Ատեանին վերոնշեալ վճիռը եւս կայ, սակայն անոր գործադրումը ապահովող մարմինը չկայ։ Եւ քանի միջանցքի բացումը կը հակասէ Ազերպայճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանէն պահանջուած Սիւնիքի միջանցքի բացումին, ուրեմն, այս երեք երկիրներու միջեւ նախագահական եւ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով աշխուժ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Այս պատճառով, ցարդ, Հայաստանի ձեռք բերած դատական յաջողութիւնը կը մնայ չգործադրուած, քանի դեռ չկայ յատկապէս ԱՄՆ-ու կամ ԵՄ-ի կողմէ Ազերպայճանի նկատմամբ պատիժներ կիրարկելու մտադրութիւն, միջանցքի բացումը պարտադրելու համար։ 

Ինչո՞ւ Հայաստան՝ հակառակ Արեւմուտքի համակրական զօրակցութեան, հակառակ Ռուսաստանի հետ ունեցած ռազմավարական դաշինքին կը մնայ անզօր ու անպաշտպան ազերաթրքական աքցանին մէջ։ Շատեր կը պատճառաբանեն Հայաստանի վարած սխալ քաղաքականութիւնը, անոր դիւանագիտական անփորձութիւնը, ապա նաեւ՝ Ազերպայճանի հետ բաղդատած՝ անոր քարիւղի հանքեր չունենալը։ Ոմանք ալ Հայաստանի մինչեւ 2018 բացարձակապէս Ռուսաստանէն կախեալ ըլլալը պատճառ ցոյց կու տան, իսկ ուրիշներ՝ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին դէպի Արեւմուտք յարիլը։ Հակառակ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած գոյութենական ահռելի վտանգին, պատերազի ամէնօրեայ սպառնալիքին, զարմանալիօրէն Հայաստանի տնտեսութիւնը կ՚ապրի բացառիկ աճ մը, «շնորհիւ» ռուս-ուքրաինական պատերազմին եւ արեւմտեան պետութիւններու աջակցութեամբ՝ պետական կառավարման կարգ մը համակարգային բարեփոխումներուն։

Կարճ ըսած՝ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական գետնի վրայ ձախողումնրուն կ՚ընկերակցի տնտեսական գետնի վրայ յաջողութիւնները։ Շատ կարեւոր ձեռքբերում մը, որ յաճախ կ՚անտեսուի քաղաքագէտներու կողմէ։ Հայաստանի ձախողումներուն արմատին կանգնած է անոր տնտեսութեան ձախողումը 1991-էն ի վեր, որ կը թարգմանուի՝ բանակին համար աժան սպառազինութեան գնումներով. Հարաւ-Հիւսիս ռազմավարական փոխադրական միջոցներ կառուցելու անկարողութեամբ. զարգացած յառաջադէմ տնտեսութիւն չստեղծելով, Արեւմտեան պետութիւններու մեծ ընկերութիւններու հետ գործընկերութիւն, առեւտրական համագործակցութիւն կնքելու անկարողութեամբ։ Հայաստան, հակառակ սովետական շրջանին իր գիտական, մտաւորական եւ ճարտարարուեստական զարգացումին, չէ կրցած արդիական արհեստագիտութեան, թուային տնտեսութեան մէջ իսկական նուաճում արձանագրել։ Այս պատճառով, առաւելապէս աշխատուժ արտահանած է, ժողովրդագրական անկում արձանագրած։ 

Արեւմուտքը տուրք կու տայ Ազերպայճանին, անոր քարիւղի տնտեսութեան առաւելութեան պատճառով։ Ազերպայճան 2020-ի պատերազմը յաջողեցաւ շնորհիւ իր դրամական առաւելութեան։ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը կը հանդիսանայ բանալին՝ իր անկախութեան եւ միջազգային հասարակութեան առջեւ յարգելի գործընկեր դառնալու։

Հայաստանի տնտեսութեան Ռուսաստանէն կախեալ ըլլալը որքան որ պետութեան նիւթական բացառիկ միջոցներ կ՚ընձեռէ, նոյնքան ալ մեծ վտանգ կը ներկայացնէ։ Հարկ է տնտեսական զարգացման նոր ուղիներ որոնել։

Այս տարի եւս Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն այդ պատուհանը բացաւ Փետրուար 24-ին Փարիզի Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական վեհաժողովը կազմակերպելով, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի։ Անցեալ տարի՝ Մարտ 9-ին եւս Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ նմանատիպ հանդիպում մը կազմակերպուած էր «Յաւակնութիւններ Ֆրանսա-Հայաստան» անուան տակ։ 

Կարեւոր է Վ. Քերոբեանին ընդգծումը, թէ հակառակ Ֆրանսա-Հայաստան քաղաքական առաջին կարգի գործակցութեան եւ բարեկամութեան, տնտեսական գետնի վրայ Ֆրանսայի հետ առեւտրական փոխանակումները նոյնիսկ առաջին տասը երկիրներու շարքին չեն գտնուիր եւ զարգանալու շատ մեծ առիթներ ունին։

Այստեղ պէտք է անդրադառնալ ֆրանսահայ համայնքի թերացումներուն։ Նախ եւ առաջ անոր ներկայացուցած պառակտուած պատկերին, սոյն նախաձեռնութենէն քաղաքական կարեւոր ուժերու բացակայութեան, Հայաստան-CCAF յարաբերութիւններու անտեղի վատթարացումին, Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարին հանդէպ անիմաստ թշնամանքին, ընդհանուր առմամբ տեղեկատւութեան պակասին, տնտեսական գործընկերութեան առաջարկներու բացակայութեան…։ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան եւ գոյութեան համար ներկայ ճակատագրական պահուն նման պառակտուած պատկեր ռազմավարական միտքի մեծ թերացում մը ի յայտ կը բերէ։

Ժ.Չ. ■