Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը կը դատապարտէ Ազերպայճանի գործողութիւնները

 

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (The International Association of Genocide Scholars-IAGS) գործադիր մարմինը Հոկտեմբեր 24-ին հրապարակած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Կովկասի բնիկ Հայերու դէմ ազերպայճանական յարձակման մասին» յայտարարութիւնը, որ տեղադրուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի «Դիմագիրք»-ի էջին:

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ խստօրէն կը դատապարտուի Ազերպայճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք եւ շարունակուող յարձակումները Արցախի դէմ՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ Արցախի ժողովուրդը դէմ-յանդիման կը գտնուի ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ:

Ցեղասպանութեան վտանգը վերացնելու նպատակով Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան գործադիր մարմինը կոչ կ՚ընէ՝

– միջազգային հանրութեան եւ ակադեմական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն՝ դատապարտելու Ազերպայճանի բռնութիւնն ու ատելութեան խօսքը Հայաստանի եւ Արցախի բնիկ Հայերուն դէմ, եւ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Ազերպայճանը ստիպելու դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները,

– Ազերպայճանին՝ կատարելու ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբերի 7-ի որոշումը,

– Ազերպայճանին՝ ետ քաշելու իր զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն եւ յարգելու Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ (գլուխ 1, յօդուած 2),

– Միջազգային հանրութեան՝ զսպելու Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը, որ պատասխանատու է 2020 թուականի Սեպտեմբերէն Հայաստանի եւ Արցախի Հայերու դէմ սանձազերծուած յարձակման (ոճիրներ՝ խաղաղութեան դէմ), ռազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար: