Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավար Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի յաջորդական յայտարարութիւնը հայատեացութեան դրսեւորում է, որ կը բացայայտէ անոր իրական՝ վտանգաւոր եւ պատերազմ հրահրող դէմքը: Փաշազատէ, որ պաշտօնապէս կը ներկայացուի որպէս հոգեւոր առաջնորդ, իրականութեան մէջ որեւէ կապ չունի հոգեւոր արժէքներու եւ կրօնի հետ: Ան շատոնց դադրած է կրօնական գործիչ ըլլալէ՝ վերածուելով ռազմատենչ եւ յարձակողապաշտ քարոզիչի մը, որ ամէն կերպ կը խրախուսէ եւ կ’արդարացնէ Ազերպայճանի ցեղասպանական գործողութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ:
Փաշազատէ ոչ միայն կ’ատէ հայերը, այլեւ բացայայտօրէն կ’արհամարհէ ամբողջ հայկական մշակոյթը, պատմութիւնը եւ ազգային ինքնութիւնը: Անոր յայտարարութիւնները, որոնց մէջ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող Էջմիածինը կ’անուանէ «ազերպայճանական պատմական հող», անպարկեշտութեան եւ անհեթեթութեան գագաթնակէտն են: Փաշազատէ գիտակցաբար կ’իրականացնէ Ազերպայճանի իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութիւնը՝ այդ վարչակազմի պահպանման եւ իր անձնական շահերու անունով, միաժամանակ անտեսելով բոլոր կրօնական եւ բարոյական չափանիշերը:
Այս անձը իր երկարամեայ պաշտօնավարման ընթացքին միշտ ալ սերմանած է թշնամանք եւ ատելութիւն, ուղղակի մասնակցած Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւններու արդարացման ու խրախուսումին: Անոր աշխուժ դերակատարութիւնը Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան մէջ անժխտելի է: Ան մնայուն կերպով հանդէս եկած է յայտարարութիւններով, որոնք դարձած են հայ ժողովուրդին դէմ ռազմական յարձակողական գաղափարական հիմք՝ կրօնական քօղի տակ արդարացնելով ռազմական յանցագործութիւնները:
Ազերպայճանական վարչակազմի այս գործիչը, որ կը ներկայանայ հոգեւոր առաջնորդի դիմակին տակ, իրականութեան մէջ ո՛չ մէկ սրբութիւն ունեցող, վտանգաւոր եւ անպատասխանատու անձ մըն է, որուն գործողութիւնները միայն կը սրեն տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը՝ նպաստելով պատերազմի եւ բռնութեան նոր ալիքներու յառաջացումին:
Անոր վերջին նախաձեռնութիւնը՝ այսպէս կոչուած «Երեւանի մասնաճիւղ»-ի («ղազիաթ») ստեղծումը, ուղղակի գրգռութիւն մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ: Այս ամէնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ ուղղակի մարտահրաւէր է, որուն իրական նպատակը նոր պատերազմի նախապատրաստումն է:
Մենք կը յայտարարենք, որ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ եւ Ազերպայճանի բոլոր ղեկավարները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին մարդկութեան դէմ իրենց գործած ոճիրներուն համար։ Անոնց մեղսակցութիւնը՝ Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան համար ո՛չ մէկ պարագայի անպատիժ պէտք է մնայ։
Արցախի պահպանութեան յանձնախումբը կոչ կ՚ընէ միջազգային հանրութեան չանտեսել նման բացայայտ ատելութեան քարոզը, որ կը խաթարէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը ու կը սպառնայ խաղաղութեան եւ կայունութեան:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։