Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան. «Ազերպայճանի հետ նոր պատերազմը շատ հաւանական է, քանի տակաւին չէ ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը» 

Յուլիս 21-ին, Agence France-Presse-ին տուած հարցազրոյցին, վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ Ազերպայճանի հետ նոր պատերազմը շատ հաւանական է, քանի տակաւին խաղաղութեան պայմանագիր չէ ստորագրուած ու չէ վաւերացուած երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ։

Ան նշած է, որ Երեւանի համար «կարմիր գիծեր» են Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախահայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։

Փաշինեանի համաձայն՝ Արցախի ժողովուրդին ու անվտանգութեան հարցը պէտք է հասցէագրուի Արցախի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող երկխօսութեան ընթացքին․ «Մենք այդ կ՚անուանենք Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւն»,– ըսած է ան։ 

«Ցեղասպանութիւն կը գործուի»

Անդրադառնալով ազերպայճանական շրջափակման, որ մարդասիրական լուրջ տագնապ ստեղծած է Արցախի մէջ, Փաշինեան նշած է. “Սա նախապատրաստուող ցեղասպանութիւն չէ, այլ ընթացքի մէջ գտնուող ցեղասպանութիւն է”, ամբաստանելով ազերպայճանական բանակը այնտեղ «կեթթօ» ստեղծելու մեղադրանքով։

“Նկատի ունենալով ուժերու անհաւասարութիւնը՝ մենք կը կարծենք, որ եթէ Ստեփանակերտը և Պաքուն ձգենք դէմ-դիմաց, Պաքու կարելիութիւն կ՚ունենայ կամ մոռացութեան մատնելու օրակարգը, կամ ըլլալու մենախօսողի և ոչ երկխօսողի դերին մէջ: Այս է պատճառը, որ պէտք է գործեն միջազգային գործիքակազմեր”,– շարունակած է վարչապետը, աւելցնելով, թէ «Հայաստանի պարագան բարդ է, որովհետեւ մեր շահագրգռռութիւնը Արցախի հարցին Ազերպայճան կը մեկնաբանէ որպէս ոտնձգութիւն իր հողային ամբողջականութեան նկատմամբ»։

Փաշինեանի կարծիքով՝ Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը պէտք է աւելի շատ ճնշում գործադրեն Պաքուի վրայ՝ օժանդակելով Բերձորի միջանցքի շրջափակման դադրեցման։

 

Բռնագրաւուած Շուշիի մէջ լրագրողներու միջազգային համաժողովի հրաւէրին ընդառաջած են գրեթէ բոլորը

Պաքու՝ Յուլիս 21-23-ին, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ կազմակերպած է «Նոր մետիաները արդիւնաբերական չորրորդ յեղափոխութեան դարաշրջանին» նշանաբանով միջազգային համաժողով մը, որուն մասնակցած են տարբեր երկիրներու պետական լրատու գործակալութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ լրասփիւռներու 150 ներկայացուցիչներ, 49 երկիրներէ:

Համաժողովի գլխաւոր բանախօսն էր Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Ան լրագրողներու հետ հանդիպումէն առաջ ծանօթացած է Շուշիի դպրոցի եւ հիւանդանոցի շինարարական աշխատանքներուն եւ ներկայ եղած է ընկերային բնագաւառի կառոյցներու հիմնարկէքին:

Համաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ Ալիեւ ըսած է, թէ այսօր առաջնահերթը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումն է: Ան այդ գործին մեծ դեր վերագրած է Թուրքիոյ, ապա անդրադարձած 44-օրեայ պատերազմին եւ յետպատերազմեան զարգացումներուն: Պաքուի ղեկավարին համաձայն՝ համաժողովը Շուշիի մէջ գումարելու պատճառն այն է, որ «քաղաքը ոչ միայն Ազերպայճանի մեծ յաղթանակի, այլեւ վերականգնումի եւ զարգացման խորհրդանիշ է»:

“Յաղթանակէն յետոյ Ազերպայճան գիտակցած է, որ պէտք է արմատապէս բարեփոխել բանակը, քանի որ այսօր ուժն է որոշողը եւ տիրականը։ Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ, նկատի ունենալով, որ այսօր ալ Հայաստանի հասարակութեան եւ իշխանութեան շրջանակին մէջ կան վրէժխնդրական երազանքներով ապրող մարդիկ։ Այսօր մեր բանակը աւելի հզօր է, քան 3 տարի առաջ”,– յայտնած է ան։

Սակայն, ըստ Ալիեւի, աստիճանաբար խօսոյթը կը փոխուի: Միջազգային կառոյցները, բանակցային գործընթացին մէջ ընդգրկուած կողմերը, ինչպէս նաեւ նոյնինքն Հայաստանը կ՚առերեսուին իրականութեան հետ։ “Հետզհետէ աւելի յստակ կ՚ըսուի, որ Ղարաբաղը Ազերպայճան է: Եթէ այդ ըսուէր բռնագրաւման տարիներուն, թերեւս  ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը տեղի չէր ունենար”,– աւելցուցած է ան:

Այնուհետեւ անդրադառնալով խաղաղութեան համաձայնագրին, Ազերպայճանի նախագահը ըսած է.

“Եթէ Հայաստան հրաժարի Ազերպայճանի նկատմամբ որեւէ հողային պահանջէ, ապա մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը ամբողջովին հնարաւոր կ՚ըլլայ․.. Հակառակ պարագային խաղաղութիւն պիտի չըլլայ։ Երբ Հայաստան Ազերպայճանի կազմին մէջ ճանչցաւ Ղարաբաղը, սկսաւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան փուլը։ Հայաստան պէտք է առնէ վերջին քայլը․.. Անոնք արդէն ընդունած են, որ Ղարաբաղը Ազերպայճան է, բացայայտօրէն յայտարարած են այդ կապակցութեամբ, եւ հիմա փաստաթուղթի ստորագրութեան փուլն է։ Սա բացառիկ կարեւոր վերջին հանգրուանն է”։ 

Ալիեւ ընդգծած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին կ՚աջակցին երեք միջազգային կողմեր’ ԱՄՆ-ն, Ռուսաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը:

 

Հայաստանի «Լրագրողներու միութիւն»-ը կը հակազդէ

Վերոնշեալ համաժողովին առթիւ Հայաստանի «Լրագրողներու միութիւն»-ը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Լրագրողները ունին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համամարդկային գործառոյթ եւ պէտք է հաւատարիմ ըլլան ատոր, եթէ չունին այլ շահեր ու հետաքրքրութիւններ:

Մեր գործընկերներու մասնակցութիւնը սոյն համաժողովին կրնայ հասկնալի ըլլալ միայն այն պարագային, երբ անոնք՝ իբրեւ արհեստավարժ լրագրողներ, այդ առիթը օգտագործեն իրենց մասնագիտական պարտքը կատարելու եւ աշխարհին ներկայացնելու, թէ ինչպէ՛ս զիրենք հրաւիրող երկիրը ամէն օր կը սպանէ ամբողջ ժողովուրդ մը՝ յղի կիներ, տարեցներ, երախաներ, որոնց կարգին՝ նորածիններ, կոչ ընելով անյապաղ բանալու Արցախի կեանքի ճանապարհը:

Բռնագրաւուած Շուշիիի մէջ կազմակերպուած համաժողովը ակնյայտօրէն Ազերպայճանի քաղաքական-քարոզչական մեծ ծրագրին մէկ մասն է, որուն մասնակցելով՝ մեր բազմաթիւ գործընկերները անուղղակիօրէն կ՚օրինականացնեն Արցախի նկատմամբ այդ երկրին կողմէ արդէն աւելի քան եօթը ամիս է շարունակուող շրջափակումը, որ յանգեցուցած է սարսափելի մարդասիրական ճգնաժամի եւ ամէն վայրկեան կը սպառնայ խլել նոր մարդկային կեանքեր։

Յարգելի՛ գործընկերներ, դուք սա պահուս կը գտնուիք երկրի մը մէջ, որ բռնագրաւած է Արցախի տարածքները, ներառեալ՝ Շուշին, ուր դուք ժողով կը գումարէք, եւ այդ ըրած է ցեղասպան քաղաքականութիւն վարելով, մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիրներով եւ այժմ ալ սովամահ կ՚ընէ 120.000 Արցախցիները…»: