Մարտ 25-ին, վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ։ Կողմերը քննարկած են Արցախի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան տակ գտնուող գօտիին մէջ ազէրպայճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումէն ետք ստեղծուած լարուած իրավիճակը։
ՀՀ վարչապետը ընդգծած է՝ ռուս խաղաղապահներու կողմէ Ազէրպայճանի զինուած ուժերը ելման դիրքեր վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը։
Երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են ջանքեր գործադրել Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային կացութիւնը կարգաւորելու համար։