Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուիթըրեան իր էջին գրառումով շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ վերջինիս նախագահ վերընտրուելուն առիթով։
«Շնորհաւորանքներս նախագահ Էրտողանին՝ վերընտրուելուն առթիւ։ Կ՚ակնկալեմ շարունակել մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղութեամբ միատեղ աշխատանքը»,– գրած է ան։