Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան օրը՝ լայնածաւալ ձերբակալութիւններ Հայաստանի մէջ

Ձերբակալուած են քանի մը տասնեակ ընդդիմադիրներ

Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան խումբերու տուեալներուն համաձայն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան օրը՝ Յունիս 20-ին, Հայաստանի ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է լաւնածաւալ ձերբակալութիւններու։

Ձերբակալուածները ՀՅԴ-ի կամ ընդդիմադիր այլ կուսակութիւններու անդամներ են, ինչպէս նաեւ Բագրատ սրբազանի շարժումին մասնակցած քաղաքացիներ։

«Երեւանի եւ քանի մը մարզերու մէջ ձերբակալուած կամ ոստիկանատուն “հրաւիրուած” են ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող ու տարբեր քաղաքական ուժեր ու խումբեր ներկայացնող քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ»,– յայտարարած է Իրաւապաշտպաններու նախաձեռնող խումբը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինն ալ հաղորդած է, թէ նոյն օրը մարզերուն մէջ խուզարկած են մարզային կեդրոններն ու պատասխանատու ընկերներու բնակարանները եւ ձերբակալած ՀՅԴ անդամներ։

«Դաշնակցութեան անդամներու քաղաքական հալածանքի նոր փուլ մը սկսած է Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան հետ միաժամանակ»,– նշուած է ՀՅԴ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Առանց այս ձերբակալութիւններուն մասին բացատրութիւն տալու՝ Հայաստանի Ներքին գործոց (ՆԳ) նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ տեղեկութիւններ ստացած են հասարակական կարգի խաթարման ուղղուած գործողութիւններու նախապատրաստութեան մասին։

«Կոչ ենք անում պահպանել հասարակական կարգը։ Որեւէ հակաօրինական դրսեւորում արժանանալու է կոշտ հակազդութեան»,– յայտարարած է ՆԳ նախարարութեան բանբեր Նարեկ Սարգսեան։