Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած համերգ՝ «Cortot» սրահին մէջ

Մայիս 26-ին, Փարիզի «Cortot» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժիշտ Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած համերգ մը, հայ երաժիշտներու կատարողութեամբ։ 

Երեկոյթը, որ կը վայելէր Հայաստանի դեսպանութեան բարձր հովանաւորութիւնը, կազմակերպուած էր ֆրանսական « Les Nouveaux Virtuoses » ընկերակցութեան եւ դեսպանութեան Բարեկամներու միութեան աջակցութեամբ։

Համերգին ելոյթ ունեցան Դաւիթ Յարութիւնեան (ջութակ), Սոֆիա Մելիքեան (դաշնակ) եւ Միքայէլ Հախնազարեան (թաւջութակ), որոնք սքանչելիօրէն ներկայացուցին Առնօ Բաբաջանեանի, Արամ Խաչատրեանի, ինչպէս նաեւ Պրամսի եւ Շէօնպերկի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։

Ձեռնարկին ներկայ էր Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։