Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. ԱՓՔԱՖ-ի բարեսիրական երեկոյթը  ի նպաստ Ալֆորվիլի  մանկապարտէզի կառուցման

Ուրբաթ, Մայիս 13-ին, ԱՓՔԱՖ-ի բարեսիրական ճաշին 80 մասնակիցները բացառիկ երեկոյթի մը ներկայ գտնուեցան, Փարիզի 14-րդ թաղամասի Եան՚ց Գլէօպին մէջ, Ալֆորվիլի նոր կառուցուող մանկապարտէզին ի նպաստ դրամահաւաքի շարժառիթով։ Երեկոյթը կազմուած էր երկու բաժինէ. առաջին բաժնին՝ դաշնակահար Կոտֆրուա Պերնիէ հրամցուց Կոմիտասի դաշնակի համար ստեղծագործութիւնները. ապա, յաջորդեց ճաշը, որուն ընթացքին խօսք առաւ Նորվան սրբազան եւ անդրադարձաւ դպրոց կառուցելու անհրաժեշտութեան։

ԱՓՔԱՖ-ի բարեսիրական այս ձեռնարկը, իր տեսակին մէջ առաջինն ըլլալով՝ դրամահաւաքէ աւելի առիթ հանդիսացաւ մշակութային ու հոգեւոր եզակի պահեր ապրելու, թէ՛ Կոմիտասի դաշնակի գործերու ունկնդրումին բերումով եւ թէ՛ ճաշի ընթացքին Նորվան սրբազանի արտասանած սրտառուչ խօսքերուն, որոնք յուզեցին ու գրաւեցին ներկաները։ 

Յաճախ գեղարուեստական երեկոյթներու ընթացքին Կոմիտասէն կը ներկայացուին քանի մը կտորներ, սակայն այս երեկոյթին դաշնակահար Կոտֆրուա Պերնիէ ստեղծեց անակնկալը՝ ժամէ մը աւելի միայն Կոմիտաս նուագելով։ Մենահամերգ մը, որ պատրաստած էր մեծ բծախնդրութեամբ ու հաւատքով, որ զարմացուց ու ցնցեց ներկաները, անոնց սրտերը լեցնելով Կոմիտասի դաշնակի գողտրիկ, զգայուն, հոգեթով, փոքր ծաւալի գործերու ազդեցիկ տպաւորութեամբ։ 

Հայութեան լինելութեամբ տարուած, նոր սերունդի ապագայով շահագրգռուած ներկա-ներուն համար գեղեցիկ ու եզակի անակնկալ էր տեսնել թէ ինչպէս բարեսիրական հացկերոյթ մը կը վերածուէր լիարժէք գեղարուեստական երեկոյթի, Կոմիտաս Վարդապետի հայկական երաշժտական մշակոյթի բացառիկ գոհարները յայտնաբերելու առիթ, որ կը հրամցուէր Հայութեան գրեթէ անծանօթ ֆրանսացի արուեստագէտի մը կողմէ։ 

Ներկաներուն մէջ էին հայ Համայնքէն ծանօթ դէմքեր եւ զանազան կառոյցներու պատասխանատուներ, ինչպէս՝ Կապոյտ Խաչի նախագահուհին՝ Պէաթրիս Անանեանը, Ֆրանսահայ թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդրանիկ նախագահ՝ Արա Տէյիրմէնճեանը, ՀՄԸՄ-ի տարիներու վարչութեան նախագահ՝ Լեւոն Պաղտասարեանն ու Համազգայինի վարչութեան անդամ՝ Հուրիկ Պաղտասարեանը, տոքթ. Սերժ Սիմոնեանը՝ UMAF-ի հիմնադիրներէն, ինչպէս նաեւ 80-ական թուականներուն Ֆրանսայի մէջ առաջին հայկական ամէնօրեայ դպրոցը՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ կրթարանը հիմնադրողը, այնուհետեւ վեց դպրոցներու հաստատման ճամբան ալ բանալով… եւ բազմաթիւ ազգասէր ու մշակութասէր պատասխանատուներ, որոնք օրն ի բուն կը ծառայեն ու հետաքրքրուած են Հայութեան գոյութենական պայքարով…

Եան՚ց Գլէօպը, ուր տեղի ունեցաւ սոյն երեկոյթը, իբրեւ հայկական մշակութային վայր ունէր բոլոր յարմարութիւնները թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ՛ հացկերութային երկու գործառոյթները ապահովելու։ Իսկապէս ափսո՜ս է, որ իբրեւ հայկական մշակութային եւ հանդիսութեան վայր աւելի տարածուն կերպով չէ գործածուած համայնքի տարբեր ընկերակցութիւններուն կողմէ։ Մնացած է թաքուն, սակայն, ունի բոլոր տուեալները բացուելու համայնքային աւելի ներառական ծրագրերու։ Ունեցած է եւ ունի բացառիկ համով ճաշեր պատրաստող վարպետ խոհարարներ։ 

Երեկոյթի երկրորդ բաժնին ընթացքին, Նորվան սրբազան խօսք առաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ ԱՓՔԱՖ-ի կազմակերպիչներուն, յատկապէս՝ Հուրի Ասատուրեանին, որոնք անսպասելի այս ջերմ մթնոլորտը ստեղծելու գաղափարը յղացեր էին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կոտֆրուա Պերնիէին, որ Այբ-Էֆ.Էմ-էն լսելով Ալֆորվիլի մանկապարտէզի կառուցման ծրագրին մասին, ինքնաբուխ կերպով ներկայացած էր ու առաջարկած իր մասնակցութիւնը։ 

Սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայերէնի փոխանցման անհրաժեշտութեան, լեզուին մէջ ամփոփուած տեսնելով մշակոյթը, ոգին, հաւատքը, հայկական ստեղծագործական բոլոր հնարաւորութիւնները։ Արեւմտեան երկիրներու մէջ, համայնքային ու ընկերային պայմանները անկարող դարձուցած են ընտանիքներէն ներս հայերէն լեզուի փոխանցումը։ Դպրոցը պէտք է այդ գործառոյթը ապահովէ։ Լեզուի կորուստը հայկական ստեղծագործական ոգիին կորուստն է։ Լեզուին կորուստը պիտի հաստատէ թրքական բնաջնջումի ծրագրին յաջողութիւնը։ Հայութիւնը դիմացաւ աղէտին, վերականգնեց ինքզինք, ստեղծագործեց, եւ դպրոցներու շնորհիւ ալ՝ պիտի շարունակէ ըլլալ կենսունակ։ 

Բարեսիրական այս երեկոյթէն գոյացաւ շուրջ 60 հազար եւրոյի գումար մը։ 

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■