Յունիս 16-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան բանախօսած է Փարիզ 1 Պանթէոն-Սորպոն (L’université Paris-I-Panthéon-Sorbonne) համալսարանին մէջ՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու ենթախորքին. աշխարհաքաղաքականութիւն, ազգային առաջնահերթութիւններ եւ դիւանագիտական աշխատանք» նիւթին շուրջ։
Ան անդրադարձած է Կովկասի մէջ տարածաշրջանային զարգացումներու վրայ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ազդեցութեան, ներկայացնելով շրջանին մէջ մնայուն եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթները, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։
Բանախօսութեան աւարտին դեսպանը պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն՝ անդրադառնալով յառաջիկային Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական համայնքի եւ COP17 վեհաժողովներուն եւ տարածաշրջանին առնչուող բազմաթիւ այլ նիւթերու։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։