Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհիին եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցչին մամլոյ ասուլիսը
Մինչ այս օրերուն Ազերպայճան կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22-ին, Փարիզի «Պետրոսեան» ճաշարանի սրահին մէջ, Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ պարոն Յովհաննէս Գէորգեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին ֆրանսական մեծագոյն լրասփիւռները ներկայացնող շուրջ քսան լրագրողներու լսարանի մը առջեւ, Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակը ներկայացնելու եւ կոչ յղելու համար Ֆրանսային եւ Եւրոպային՝ աջակցելու Հայաստանին եւ վճռական ուղերձ յղելու Ազերպայճանին։
Ինչպէս 44-օրեայ Արցախեան պատերազմին, նոյնպէս ալ Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի դէմ Պաքուի վարչակարգին սանձազերծած նոր յարձակումին կրկին ուղեկցեցան ռազմական ոճիրներ եւ անասելի վայրագութիւններ։ Ատոնց յաջորդեցին թուրք եւ ազերպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու շարունակական սպառնալիքները՝ աւելի քան երբեք բարձրացնելով ցեղային նոր զտումի սպառնալիքը։
Դեսպան Տոլմաջեան ընդգծեց, որ ազերպայճանական բռնապետութեան վերջին յարձակումը Հայաստանի դէմ կը հաստատէ անոր ծաւալապաշտական միտումները եւ ցոյց կու տայ Ազերպայճանի խոստացած խաղաղութեան կեղծ ու պատրանքային բնոյթը։ “Պաքուի վարչակարգը ոչ միայն երկու տարիէ ի վեր կը շարունակէ ապօրինաբար եւ հակառակ իր պարտաւորութիւններուն՝ պահել հայ ռազմագերիները, այլեւ կը շարունակէ խոշտանգել զանոնք, ոչ միայն կ՚ոչնչացնէ մեր մշակութային ժառանգութիւնը եւ կը ջնջէ մեր ներկայութեան հազարամեայ հետքերը այն շրջաններուն մէջ, զորս ան կը նուաճէ, այլ նաեւ ամէն օր ան նոր բռնութիւններ կը գործէ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ՝ մեր երկիրը իր բնակչութենէն պարպելու նպատակաւ”,– ըսաւ Յասմիկ Տոլմաջեան։ Դեսպանը այնուհետեւ կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան եւ մասնաւորապէս Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ վերադառնալու տարածաշրջան, վերջ դնելու համար միջազգային իրաւունքի այս անընդունելի խախտումներուն։
Իր կարգին, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ ազերպայճանական յարձակումը չդատապարտուեցաւ միջազգային հանրութեան կողմէ։ “Պատիժի բացակայութենէն քաջալերուած՝ Ազերպայճան սպառնալիքն ու բռնի ուժի միջոցները կը դարձնէ ահաբեկչութեան եւ ճնշման գործիքներ Արցախի ժողովուրդին դէմ”,– ընդգծեց ան։ Շարունակելով, Գէորգեան ըսաւ որ՝ Ազերպայճան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը վարէ «կատարելապէս ցեղային զտման եւ հայաթափման քաղաքականութիւն մը, որ կը հասնի մինչեւ տարածաշրջանի հազարամեայ հայկական ինքնութիւնը յուշող կրօնական, կամ՝ ոչ որեւէ կառոյցի ոչնչացման”:
Ան շարունակեց, ընդգծելով որ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը թելադրուած է Արցախցիներու կողմէ՝ այդ հողերուն վրայ իրենց ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հրատապ անհրաժեշտութեամբ։ “Այս անհրաժեշտութիւնը աւելի ակնյայտ է այսօր՝ ազերպայճանական աճող սպառնալիքի պայմաններուն մէջ։ Նաեւ, Արցախ երբեք պիտի չլքէ անկախութեան այն ճանապարհը, զոր բռնած է, որովհետեւ անկախ Արցախի եւ զայն մարմնաւորող պետական կառոյցի գոյութիւնը միակ երաշխիքն է իր հողերուն վրայ ապրող հայութեան անվտանգութեան եւ անոր ապրելու անօտարելի իրաւունքին”:
Յովհաննէս Գէորգեան եզրափակեց, յիշեցնելով որ՝ միջազգային հանրութիւնը ինքն իրեն պարտականութիւն սահմանած է միջամտել նման իրավիճակներուն՝ յանուն՝ 2005 թուականին ՄԱԿ-ի ընդունած «պաշտպանելու պատասխանատւութեան»:
Աւարտին, Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Յովհաննէս Գէորգեան պատասխանեցին լրագրողներու բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ հարցումներուն։
Թ.Շ.