Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Միսաք Մանուշեանին նուիրուած ցուցադրութեան պաստառը վանդալական արարքի ենթարկուած է

« Camp des Milles » հիմնարկութեան առաքելութիւնն է Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհերու եւ յատկապէս Ֆրանսայի Դիմադրական շարժումի հերոսներու յիշատակը վառ պահել եւ ապահովել անմիջական կերպով անոնց առնչուող վայրերու նորոգութիւնը, բարեկարգումը՝ պետական հրահանգներով։ 

Հիմնարկութիւնը հաղորդագրութիւնով մը կը տեղեկացնէ, թէ Փարիզ 3-րդի թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցող Մանուշեանի եւ անոր նահատակ ընկերներուն նուիրուած՝ որմնանկարներու ցուցահանդէսը Մայիս 12-ին վանդալական յարձակման ենթարկուած է եւ ցուցահանդէսը առայժմ առկախուած է։

Դժբախտաբար, լուրին կը տեղեկանանք դէպքէն մէկ շաբաթ յետոյ։ Ստորեւ « Fondation du Camp des Milles »-ի հաղորդագրութիւնը. 

***

Միսաք Մանուշեանին նուիրուած ցուցադրութեան պաստառը վանդալական արարքի ենթարկուած է. Սա պարզ ցուցահանդէսի մը դէմ չէր ուղղուած

1944-ին, Միսաք Մանուշեանի եւ իր գնդակահարուած 22 ընկերներուն մասին պատմող ցուցահանդէս մը ներկայացուած էր Փարիզի 3-րդ թաղամասին մէջ, որ Մայիս 7-էն 9-ի միջեւ վանդալական արարքի ենթարկուած է։

Այս կապակցութեամբ թաղապետութիւնը հարկադրաբար, փութով դադրեցուցած է ցուցադրութիւնը՝ աւարտէն մէկ ամիս առաջ։

«Այս յարձակումները պարզ ցուցահանդէսի մը դէմ չէին ուղղուած։ Անոնք ուղղուած էին դէմքերու, անուններու, այրերու եւ կիներու ճակատագրերու դէմ, որոնք՝ պատերազմով եւ աքսորով տառապած ու յօշոտուած՝ օտար երկիրներէ եկած, որոշած էին իրենց կեանքը նուիրել հիւրընկալ երկրին»,– դատապարտած է Շամփինյի-սիւր-Մառնի Ազգային դիմադրութեան թանգարանի բարեկամներու ընկերակցութիւնը (AAMRN), հաղորդագրութեան մը մէջ։

Բողոք ներկայացուած է

Այս ցուցահանդէսը կ՚առաջարկէր յայտնաբերել կամ վերայայտնաբերել Միսաք Մանուշեանի կերպարը, որ 2024 Փետրուարին Պանթէոն մուտք գործեց։ Ցուցահանդէսը մշակուած էր AAMRN-ի կողմէ, նախաձեռնութեամբ՝ նախկին ռազմիկներու հանրապետական ընկերակցութեան (ARAC), AAMRN-ի եւ Փարիզի Ազատագրութեան յանձնախումբին։

Ըստ Ժորժ Տիւֆօ-Էփշթայնի՝ AAMRN-ի նախագահին եւ դիմադրող Ժոզէֆ Էփշթայնի որդւոյն՝ «այս ցուցահանդէսին վրայ յարձակիլը փորձ մըն է ջնջելու Ֆրանսայի եւ ազատութեան արժէքներուն համար պայքարողներուն յիշատակը։ Բայց անոնց ներգրաւումը արձանագրուած է պատմութեան էջերուն մէջ, եւ անոնց քաջութիւնը կը շարունակէ լուսաւորել մեր ներկան։ Պիտի չյաջողին լռեցնել անոնց յիշատակը»։

Ցուցահանդէսի նոր ներկայացում մը, այս անգամ ներսը, կը կազմակերպուի Փարիզ-կեդրոնի թաղապետութեան հետ։

Վանդալական արարքին դէմ բողոք ներկայացուած է։