Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Յարութիւն Խաչատրեանի ֆիլմերու ցուցադրութիւն

Շուրջ երկու ամիս՝ 2025 Հոկտեմբեր 9-էն Նոյեմբեր 30, բեմադիր, վաւերագրող Յարութիւն Խաչատրեանի տասը ֆիլմերը՝ «Կոնդ», «Սպիտակ քաղաք», «Վերադարձ աւետեաց երկիր», «Վերջին կայարանը», «Վաւերագրողը», «Պոէտի վերադարձը», «Սահման», «Անվերջ փախուստ, յաւիտենական վերադարձ», «Փակուղի», «Նկարչին երեք գերեզմանները» պիտի ցուցադրուին «Փոմփիտու կեդրոն»-ի La Cinémathèque du documentaire par la Bpi ծրագրի շրջանակին մէջ։

Ֆիլմերուն ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Mk2 Bibliothèque cinéma-ի մէջ, նկատի ունենալով, որ «Փոմփիտու կեդրոնը» փակ պիտի ըլլայ նորոգութեան համար։

«Սա աննախադէպ ձեռնարկ մըն է, նկատի առնելով, որ “Փոմփիտու կեդրոն”-ը իր ծրագրին մէջ կը ներառէ հայ բեմադիրին տասը ֆիլմը եւ ամէն մէկուն համար կը նախատեսէ երեք ցուցադրութիւն։ Բացման հանդիսութեան խօսք պիտի առնէ Խաչատրեան եւ վերջինիս մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենան ֆիլմերու քննարկումներ»,– կը հաղորդեն Հայաստանի շարժանկարի գործիչներու միութենէն։