Յունիս 27-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ներսէս Շնորհալի. հրեշտակ երկնաւոր» խորագիրը կրող գիտաժողովը, որով սկիզբ առին Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները։ Միաժամանակ բացումը կատարուեցաւ նոյնանուն ցուցահանդէսին:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հռչակաւոր անձերու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2022-2023 տարեշրջանի օրացոյցին մէջ՝ հայ միջնադարեան յայտնի բանաստեղծ, երաժիշտ, աստուածաբան, Հայոց կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալիի անունը ընդգրկելու առաջարկը պաշտպանած էին Իտալիան, Չեխիան, Յունաստանը, Կիպրոսն ու Սուրիան։
Միջոցառումներուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Գիտաժողովին մասնակցեցան Մատենադարանի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, Ֆրանսայի գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչը, հոգեւոր հայրեր, Կազմակերպութեան մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, հրաւիրեալներ։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ԿԳՄՄ-ի փոխնախարար Արայիկ Խզմալեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան։ Այնուհետեւ զեկոյցներ ներկայացուցին հայագէտ Ժան-Փիէր Մահէ, Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտաշխատող Գուրգէն Գասպարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայր Շահէ աբեղայ Անանեան: Գիտաժողովը կը վարէր Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Արմինէ Մելքոնեան։
Ելոյթներու ընթացքին բանախօսները արժեւորեցին Շնորհալիի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, անոր դերակատարութիւնը համաքրիստոնէական արժէքներու տարածման գործին մէջ։ Այս գիտաժողովը առիթ էր յայտնաբերելու հայկական մշակոյթի, բանաստեղծութեան, աստուածաբանութեան, երաժշտութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը, որ կը մնայ անծանօթ, բացի նեղ շրջանակէն աստուածաբանական ու եկեղեցական հետաքրքրութիւն ունեցողներու։ Բանախօսները անոր կերպարին մէջ յատկապէս ընդգծեցին բազմահմուտ աստուածաբանը, կրօններու երկխօսութեան ջատագովը, կրօններու միութեան քարոզիչը՝ բազմազանութեան ընդմէջէն։ Բանախօսներէն փրոֆ. Մահէ եւ Շահէ աբեղայ Անանեան հակեցան Շնորհալիի գրական ու աստուածաբական գործերու քննարկման վրայ։ Փրոֆ. Մահէ ներկայացուց Շնորհալիի «Վիպասանութիւն» երկը, որ իր մէջ երկու առեղծուած կը պարունակէ, մէկը հայութեան ինքնութեան եւ միւսը քրիստոնէացման առնչուող։ Իսկ, Անանեան աբեղայ անդրադարձաւ Ներսէս Շնորհալիի աստուածաբանական ըմբռնումին իւրայատուկութեան, որ հեռու էր միաբանութեան մասին Եկեղեցւոյ հայրերու հաստատութենականացած դիրքորոշումէն, ջատագովելով հոգեւոր միութիւնը իր տարբերակումներով։
Գիտաժողովին յաջորդեց նոյնանուն խորագրով ցուցահանդէսին բացումը։ Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Ան ընդգծելով սոյն մշակութային իրադարձութեան կարեւորութիւնը մասնաւորապէս ըսաւ. “Այսօր մենք առիթ ունենք վերստին նշանաւորելու Հայոց հոգեւոր պատմութեան ամենաերեւելի անուններից մէկին՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալուն”։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Ափրիկեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ֆիրմէն-Էտուար Մաթոքօ։
Անզուգական «Հովեր» երգչախումբին ելոյթը
Յաջորդ օր՝ Յունիս 28-ին, դարձեալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան ոգեկոչուեցաւ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը, այս անգամ՝ երաժշտութեամբ։
Նախ ելոյթ ունեցաւ դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան, որ մեծարելով բազմավաստակ Շնորհալիի արուեստը, ի միջի այլոց անդրադարձաւ անցնող տարուան Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր պաշարուած Արցախահայութեան մարդասիրական աղէտալի կացութեան, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելով Ազերպայճանի վայրագ գործողութիւններուն վրայ, որ չի յարգեր Արդարադատութեան ատեանի որոշումը եւ կը շարունակէ իր ցեղասպանական արարքները, որոնց հետեւանքով նոյն օրը չորս հայ զինուորներ նահատակուած էին։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնուհի Օտրէ Ազուլէն ներկայացնող Էրնեսթօ Օթթոնի Ներսէս Շնորհալիին նուիրուած խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ԿԳՄՄ-ի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Ան ընդգծեց, որ Ս. Ներսէս Շնորհալին իր անփոխարինելի տեղը կը գրաւէ Հայոց միջնադարի հոգեւոր պատմութեան մէջ. “Չափազանց հարուստ, բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ է Շնորհալու գրական ու աստուածաբանական ժառանգութիւնը։ Շնորհալին հայ քնարերգութեան մէջ մի շարք ժանրերի հեղինակ է եւ ամենամեծ շարականագիրն է։ Նա յօրինել է հարիւրաւոր օրհներգեր, որոնք հարստացրել են հայ եկեղեցւոյ պատարագների եւ ժամերգութիւնների երգասացութիւնները, կատարելագործել է հոգեւոր երգերի եղանակները, բարեկարգել եւ ճոխացրել եկեղեցական պաշտօներգութիւնը”։
Նախարարը իր կարգին հարց տուաւ՝ “ի՞նչ կը մնար Շնորհալիի ժառանգութենէն, եթէ այդ ժառանգութեան հետ վարուէին այնպէս, ինչպէս այսօր կը վարուին Արցախի մշակութային ժառանգութեան հետ՝ ոչի՛նչ…”։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը հաղորդեց Մայր Աթոռի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց Շնորհալիի կեանքն ու բեղուն գործունէութիւնը։
Ապա բեմը տրամադրուեցաւ հայրենի «Հովեր» պետական սենեկային երկսեռ երգչախումբին։ Յայտագրին մէջ ընդգրկուած էին Ներսէս Շնորհալիի, Կոմիտասի (հոգեւոր եւ աշխարհիկ), Էդուարդ Միրզոյեանի, Վաչէ Շարաֆեանի, Արթուր Ավանէսովի, Վոլֆրամ Պուխենպերկի ստեղծագործութիւնները եւ բիւզանդական շարական մը։ Համերգը ղեկավարեցին Սոնա Յովհաննիսեան եւ Նարինէ Ոսկանեան։
Համերգի իւրաքանչիւր կատարումին զուգահեռ պաստառին վրայ կը սփռուէին յատուկ պատկերներ՝ ցորենի արտը, հնձուորները, վերջալոյսը…։ Այս երգչախումբին արուեստը մէկ խօսքով կարելի է բնութագրել՝ անզուգական, հրաշալի, աստուածային…, բայց պէտք էր ներկայ ըլլալ, ունկնդրել եւ մա՛նաւանդ ապրիլ «Հովեր»-ի մեղեդիներով։
Կը մնայ ափսոսալ, որ Շնորհալիի հարուստ երգացանկէն միայն երկու գործ ներկայացուեցաւ՝ «Առաւօտ լուսոյ»-ն եւ «Յիշեսցուք ի գիշերի…»-ն՝ Կոմիտաս վարդապետի մշակումով։ Բոլորովին անտեսուած էին Շնորհալիի Արեւագալի երգերը, որոնք անկասկած բազմաձայն չըլլալնուն համար չէին ընդգրկուած «Հովեր» երգչախումբի երգացանկին մէջ։
Թ.Շ. ■