Յունիս 13-ին, Փարիզեան շրջանի Մոնթրէօյ քաղաքը յարգանքի տուրք մատուցեց յատկապէս 60-70-ական տարիներու համբաւաւոր անձնաւորութիւնները «անմահացուցած» ֆրանսահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանին։
Արդարեւ նոյն օրը քաղաքապետ Փաթրիս Պեսաքի, արուեստագէտի ընտանիքի անդամներուն եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան բացումը կատարուեցաւ «Ռոժէ Գասպարեան» հրապարակին։
Ծնած 1938-ին Փարիզ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ընտանիքի մը ծոցը, Ռոժէ Գասպարեան յաջողած է յաւերժացնել որոշ ժամանակաշրջանի մը ոգին։ Վաթսունական տարիներէն սկսեալ, ան լուսանկարած է համաշխարհային ռոք, ճազ երաժշտութեան եւ ֆրանսական երգի ամենամեծ դէմքերը՝ ի շարս անհամար ուրիշներու՝ Պիթըլզէն Ճոնի Հոլիտէյ, Սերժ Կենզպուռէն Նինա Սիմոն, Ռոլինկ Սթոնզ, Էտիթ Փիաֆ, Շառլ Ազնաւուր… Անձայն-անշշուկ, բայց մեծ ճշգրտութեամբ, Գասպարեան անմահացուցած է այդ առասպելները բեմին վրայ կամ անկէ անդին, թողլով ականատեսի վաւերագրերու ճշմարիտ գանձարան մը, որ աւա՜ղ երկար ժամանակ մնացած է շուքի մէջ։
Բայց, հակառակ այդ աստղերուն հետ կամ անոնց ետեւէն աշխարհը շրջելուն՝ Ռոժէ Գասպարեան երբեք չէ հեռացած Մոնթրէօյէն, ուր կը գտնուէին իր արմատները։ Համաշխարհային շրջագայութեան այդ լայն փակագիծէն ետք՝ ան վերադարձած է իր արմատ-քաղաքը եւ վերստին ձեռք բերած է իրենց ընտանեկան (իր հօր) աշխատանոցը՝ Սթիւտիօ Պուասիէռը, ուր լուսանկարած է նորապսակ զոյգեր, դպրոցականներու դիմանկարներ … որպէս լուսանկարիչ միշտ ներկայ եղած է տեղական տօներուն, իր ոսպնեակը սեւեռած է ամէնօրեայ կեանքի զանազան դրուագներու վրայ, այդպէսով կտակելով իր քաղաքի պատմութեան որոշ մէկ ժամանակահատուածի տեսողական ամբողջ յիշողութիւն մը։
Հայ դատի նուիրեալ, ան լուսաբանած է նաեւ բազմաթիւ համայնքային իրադարձութիւններ եւ մինչեւ կեանքին վերջը մնացած է իր ժողովուրդի պատմութեան եռանդուն մէկ վկան։ Քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ՝ այս հրապարակին բացումը, որ թոյլ պիտի տայ անոր անունը մշտապէս զօդել Մոնթրէօյին, իսկական յարգանքի տուրք մըն է մատուցուած անոր ամբողջ վաստակին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։