Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փարիզի մէջ հրապարակի մը պիտի տրուի Կարպիս Ափրիկեանի անունը

Փարիզ 9-րդի թաղապետարանը Յունիսի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ քուէարկած է որոշում մը, ըստ որուն քաղաքամասի հրապարակներէն մէկը պիտի կոչուի նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ խմբավար, երաժիշտ Կարպիս Ափրիկեանի անունով։ 

Նախատեսուած է Մոպէօժ եւ Ապըվիլ փողոցներու խաչմերուկին գտնուող հրապարակը վերակոչել Մաէսթրոյին անունով։