Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաքիստան չեղեալ համարած է Թուրքիոյ հետ 1,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ՝ 30 ուղղաթիռ գնելու գործարքը

Թրքական Gazeteduvar առցանց լրասփիւռը հաղորդած է, թէ Փաքիստան չեղեալ համարած է Թուրքիոյ հետ 1,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ՝ 30 թրքական T129 ATAK հարուածային ուղղաթիռներ գնելու գործարքը՝ նախագիծին ձգձգումներուն հետեւանքով։

Թրքական կողմին ձգձգումները պայմանաւորուած են ԱՄՆ-ու՝ ATAK-ի շարժիչներ տրամադրելու մերժումով, ինչ որ մաս կը կազմէ S-400 ռուսական հակաօդային  համակարգերու գնումին պատճառով՝ Թուրքիոյ դէմ հաստատուած ամերիկեան պատիժներուն։ 2021-ի սկիզբը Փաքիստան ընդառաջած էր Թուրքիոյ պայմանագրի երկարաձգման առաջարկին, սակայն ըստ երեւոյթին, շարժիչներու հարցը չէ լուծուած։ 2022 Յունուարին Փաքիստան յայտարարած է գործարքը չեղեալ համարելու իր որոշումը։ Թրքական ATAK-ներու փոխարէն Փաքիստան պիտի գնէ չինական Z-10 ռազմական սաւառնակներ։