Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՔԱԹԱՐ. Քննարկուած են քաղաքացիական օդային ոլորտէն ներս հայ-քաթարական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները

Քաթարի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան Յունուար 10-ին հանդիպում ունեցած է Քաթարի քաղաքացիական օդային ընկերութեան գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Մուհամմատ Ֆալեհ ալ-Հաճրիի հետ։

ՀՀ դեսպանութեան յղած տեղեկութեան համաձայն՝ հանդիպումին քննարկուած են քաղաքացիական օդային ոլորտէն ներս հայ-քաթարական համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարելիութիւնները: