Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի յատուկ թղթածրարը նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի այս շաբաթավերջի թիւը կը պարունակէ յատուկ թղթածրար մը  նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան։ Նիւթերը պատրաստած է Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, իսկ գծանկարումները (graphiques) կատարած է այդ ասպարէզի ամէնէն ծանօթ անուններէն Նիքոլա Կիյըրա։  

Այս առթիւ Պիւիսոն Թուիթըրի իր էջին գրած է. «Վաղը “Ֆիկառօ-Մակազին”-ի մէջ, ծանօթ գծանկարիչ Նիքոլա Կիյըրայի հետ, վեց էջերով կը վերյիշեցնենք՝ ի՞նչ էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչ ամէն բան այնպէս ցոյց կու տայ, որ ան կրնայ կրկնուիլ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, եթէ արգելք չըլլանք ազերի բռնակալ Ալիեւի կայսերապաշտական յաւակնութիւններուն»։