Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր. «Փարիզ մտահոգ է Լաչինի միջանցքի փակումով եւ կոչ կ՚ուղղէ բանալու զայն»

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարարութեան բանբեր Անն-Գլէր Լըժանտր յայտարարած է, թէ Ֆրանսա մտահոգ է Բերձորի միջանցքի փակումով եւ կոչ կ՚ընէ բանալու զայն՝ Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը կանխելու համար։

“Այսօր մենք չափազանց մտահոգ ենք այս հարցով եւ տեւաբար կը պահանջենք, որ միջանցքը բացուի՝ բնակչութեան պարէնային եւ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար”,– ըսած է ֆրանսացի դիւանագէտը, ընդգծելով, թէ Փարիզ կը փափաքի որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսին եւ այդ առումով կ՚աջակցի եւրոպական միջնորդական ջանքերուն։ Ան ակնարկած է Եւրոպական Միութեան տարածաշրջան առաքելութեան՝ լարումը նուազեցնելու եւ սահմաններու պահպանումը ապահովելու նպատակով։

Տիկին Լըժանտր համաձայն չէ այն կարծիքին, որ Ֆրանսա իրական օժանդակութիւն չի ցուցաբերեր Արցախի իրավիճակը կարգաւորելու հոլովոյթին։ “Ես այդպէս չեմ կարծեր։ Մեր աջակցութիւնը յստակ արտայայտուած է ամէնէն բարձր մակարդակով։ Նախագահ Մաքրոն անձամբ գործադրած է բոլոր ջանքերը բանակցութիւններու վերսկսման համար”,– աւելցուցած է ան: