Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ  – Դեսպան Տոլմաջեան  մասնակցած է  հայ քանդակագործին հեղինակած զօր. տը Կօլի կիսանդրիի բացման արարողութեան 

Ապրիլ 4-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան Փարիզի մէջ մասնակցած է «Շառլ տը Կօլ» հիմնարկութեան մէջ կազմակերպուած՝ ֆրանսահայ քանդակագործ Ժան-Փօլ Նարկիզեանի հեղինակած զօր. տը Կօլի կիսանդրիի բացման պաշտօնական արարողութեան։  

«Շառլ տը Կօլ» հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկայ եղած եւ ելոյթ ունեցած է Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէ։

Շնորհակալութիւն յայտնելով «Շառլ տը Կօլ» հիմնարկութեան նախագահ Հերվէ Կեմարին գեղեցիկ ձեռնարկը կազմակերպելուն համար՝ դեսպան Տոլմաջեան խորհրդանշական համարած է ֆրանսահայ տաղանդաշատ արուեստագէտ Ժան-Փօլ Նարկիզեանի կողմէ զօր. տը Կօլի պղնձաձոյլ կիսանդրիի կերտումը՝ ի նշան Ֆրանսայի հիւրընկալ հողին վրայ ապաստան գտած՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած Հայերու մեծ երախտագիտութեան։ Այս կապակցութեամբ, դեսպանը յիշատակած է 1941-ին Դամասկոսի մէջ հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին զօր. Շառլ տը Կօլի խօսքերը, որ «հայ ժողովուրդը փոքր է, բայց ունի հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն, եւ վստահաբար մազապուրծ փոքրաթիւ Հայերը պիտի դառնան վաղուան այն քաջարի երիտասարդները, որոնք պիտի վերականգնեն անվտանգ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը»։ 

Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նաեւ Ծերակոյտի նախագահին իր ներկայութեամբ այս խորհրդանշական միջոցառումը պատուելուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Արցախին ցուցաբերուած առանձնայատուկ զօրակցութեան համար՝ մատնանշելով, յատկապէս, Ծերակոյտին կողմէ 2020-ին Արցախի ճանաչումը պահանջող եւ 2022-ին ազերպայճանական յարձակումը դատապարտող զոյգ բանաձեւերու ընդունումը, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի նախագահի պատուիրակութեան այցը Հայաստան՝ 2021 Ապրիլ 24-ին։ 

Ժերար Լառշէ ալ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Ժան-Փօլ Նարկիզեանի  ստեղծագործութեան, ընդգծած է, որ ան ոչ միայն լաւագոյն վկայութիւնն է հայ-ֆրանսական հազարամեայ բարեկամութեան, այլեւ նոր առիթ մը Հայոց ցեղասպա-նութեան ոգեկոչման համար։ Վերստին յիշատակելով զօր. տը Կօլի՝ Դամասկոսի մէջ արտասանած խօսքը, որ «մարդկային խիղճը պէտք է բացառէ, երբեք չընդունի եւ չմոռնայ ցեղասպանութեան դատապարտելի ու բարբարոս ոճիրը»՝ նախագահ Լառշէ իր կարգին ընդգծած է անպատժելիութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ յիշողութեան կարեւորութիւնը, եւ այդ առումով Ֆրանսայի ունեցած դերը։ 

Մտահոգութիւն յայտնելով ազերպայճանական սպառնալիքի հետեւանքով հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ՝ ան վերահաստատած է Ֆրանսայի բարեկամութիւնն ու աջակցութիւնը Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանին ուղղուած՝ Բերձորի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու Ծերակոյտի պահանջը։ 

Հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ Ծերակոյտի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ, շարք մը ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ քանդակագործին ընտանիքը, որ յետմահու կեանքի կոչելով վերջինիս փափաքը, կիսանդրին նուիրած է հիմնարկութեան։