Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ-ԹՈՒՐՔԻԱ – Ֆրանսայի դեսպանը հրաւիրուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ Ծերակոյտին մէջ քրտական կազմաւորումներու անդամներու պարգեւատրման պատճառով

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրօ հրաւիրուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ Ծերակոյտին մէջ քրտական YPG կազմաւորումներու անդամներու պարգեւատրման պատճառով։ Նշենք, թէ Անգարա, Թուրքիոյ մէջ գործող քրտական PKK-ի սուրիական ճիւղաւորումը նկատուող YPG կազմակերպութիւնը եւս «ահաբեկչական» կը համարէ, ինչպէս PKK-ն:

Դեսպանին ըսած են, որ Թուրքիա խստօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ «Սուրիական-քրտական ահաբեկչական կազմաւորումներ»-ու անդամներուն պարգեւատրումը: