Իվըլին նահանգի (Իլ-տը-Ֆրանս շրջան) Մոնթինյի-լը-Պրըթոնէօ քաղաքին մէջ Մարտ 26-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Շառլ Ազնաւուր» արուեստներու կեդրոնին (Forum des Arts « Charles Aznavour »)։
Բացման արարողութեան ներկայ էին «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր, Հիմնադրամի տնօրէնուհի Քրիսթինա Ազնաւուր, Իվլին նահանգի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։
Ժապաւէնը կտրելու արարողութեան մասնակցեցան Իվլինի ծերակուտական Միշէլ Լոժիէ, Մոնթինյի-լը-Պրըթոնէօյի քաղաքապետ Լօռան Մերքեր, ինչպէս նաեւ Նիքոլա եւ Քրիսթինա Ազնաւուր։
Այս կեդրոնը եզակի տարածք մըն է, ուր երիտասարդութիւնը պիտի կարենայ արտայայտել իր ստեղծագործական միտքը, ձեռք բերել նոր գիտելիքներ, աւելի մօտէն առնչուիլ արուեստին ու մշակոյթին հետ, ինչպէս նաեւ պատրաստուիլ արուեստի բնագաւառին մէջ իր ապագայ մասնագիտացման ու ասպարէզին: Կեդրոնի գործունէութեան գլխաւոր հինգ ուղղութիւնները պիտի ըլլան՝ պարը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, փորձերը, ձայնագրութիւնները։
Իւրայատուկ նախագիծով կառուցուած Կեդրոնը՝ ժամանակակից միջավայր մը կը մատուցէ, օժտուած է արհեստավարժ բարձրակարգ արհեստագիտութեամբ. ունի մեծ համերգասրահ մը, ձայնագրութեան ընդարձակ աշխատանոց, երաժշտական, թատերական եւ պարային աշխատանոցներ, մասնագիտական այլ լսարաններ, ինչպէս նաեւ յատուկ կարգ մը ձեռնարկներու համար բացօթեայ սրահ: Ներկայիս, Կեդրոն ընդունուած ուսանողներուն թիւը շուրջ 1800 է, դասաւանդող մասնագէտներունը՝ 40։
«Շառլ Ազնաւուր» արուեստներու կեդրոնը իրագործուած է շնորհիւ Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի, Իվլին նահանգի եւ Մոնթինյի-լը-Պրըթոնէօ քաղաքի խորհուրդներու գանձատրումին։ Կեդրոնը, որուն նախագիծին հեղինակն է ճարտարապետ Տոմինիք Գուլոն, ունի 3500 քառ. մ. ընդհանուր մակերես։
Հաստատութիւնը Շառլ Ազնաւուրի անունով կոչելը եղած է ոչ միայն քաղաքապետական խորհուրդին առաջարկը, այլեւ բնակիչներուն եւ այդ կեդրոնի ապագայ սաներուն մեծ փափաքը։ Ազնաւուր ընտանիքը նախագիծին տեղւոյն վրայ ծանօթանալէ ետք իր համաձայնութիւնը տուած է անուանակոչման համար։
Հաստատումէն ետք՝ «Ազնաւուր» հիմնադրամը, համագործակցելով Մոնթինյի-լը-Պրըթոնէօյի քաղաքապետարանին եւ ներքին յարդարման ոլորտին մէջ ծանօթ «Agence NC – Nathalie Crinière» գործակալութեան հետ, աշխատած է այս հաստատութենէն ներս եզակի սարքաւորումներու ստեղծման վրայ։ Այս աշխատանքներուն միջոցով փորձ կատարուած է ներկայացնելու Շառլ Ազնաւուրի արուեստի ու անցած ուղիին պատմութիւնը՝ ոգեշնչելու համար Կեդրոն այցելող երիտասարդները։ Այս նպատակով «Ազնաւուր» հիմնադրամը կեդրոնին յանձնած է նաեւ մեծ երգիչին ստացած «Զոյգ ադամանդեայ սկաւառակը» (Disque double diamant), որ անոր շնորհուած էր երկու միլիոնէն աւելի վաճառուած ալպոմին համար։
Բացման արարողութեան ունեցած իր ելոյթին՝ Նիքոլա Ազնաւուր յատկապէս նշեց.– “Հայրս շատ պիտի հպարտանար եւ մեծ պատիւ պիտի զգար՝ տեսնելով, որ խորհրդանշական այս վայրը իր անունն ու տեսլականը կը կրէ։ Յուսամ՝ անոր «ներկայութիւնը» պիտի խրախուսէ բազմաթիւ երիտասարդներ եւ ոգեշնչման աղբիւր դառնայ նոր սերունդներուն համար։ Ազնաւուր ընտանիքին եւ «Ազնաւուր» հիմնադրամին կողմէ իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձուցած բոլոր կողմերուն։ «Ազնաւուր» հիմնադրամը, ի հարկէ, պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը Արուեստներու կեդրոնին հետ՝ միասնաբար ծրագրեր իրագործելով”։