Ֆրանս-Թելէվիզիոն կատարած է իր ընտրութիւնը եւ Յունիս 19-ին կը յայտարարէր թէ ով պիտի փոխարինէ Անն-Սոֆի Լափիքսը «Ժամը 20-ի լուրեր»-ու հաղորդման մէջ. վերջինս այդ հեղինակաւոր պաշտօնէն ազատ կացուցուած էր 2025 Մայիսի վերջը։
Ուրեմն, Լէա Սալամէն է, որ պիտի կատարէ այդ հաղորդումը յառաջիկայ վերամուտէն սկսեալ։
Սա միայն մասամբ անակնկալ է, քանի որ Լէա Սալամէ, որ 2017-ին մերժած էր «Ֆրանս 2»-ի՝ «Ժամը 20-ի լուրեր»-ու հաղորդման առաջարկը, կը նկատուէր գլխաւոր թեկնածուն, Թոմա Սոթթոյի եւ Մայա Լոքէի կողքին։
Հետեւաբար, «Ֆրանս-2»-ի վրայ 2022-էն ի վեր «Ինչպիսի՜ ժամանակաշրջան» յայտագիրը ներկայացնող Սալամէ պիտի ստիպուի հրաժարիլ «Ֆրանս Էնթէր»-ի առաւօտեան հաղորդումէն, զոր կ՚ապահովէր տասնմէկ տարիէ ի վեր։
Լէա Սալամէ ծնած է 1979-ին, Պէյրութ։ Ան դուստրն է Լիբանանի նախկին Մշակոյթի նախարար Ղասան Սալամէի (2000-2003) եւ Մարի Պօղոսեանի, նոյնանուն հռչակաւոր հայ ադամանդագործներու ընտանիքէն։
Լէա Սալամէ իրաւաբանութիւն ուսանած է Փանթէոն-Ասաս համալսարանին մէջ, ապա մտած է Փարիզի Սիանս-Փօ եւ նաեւ մէկ տարի ուսանած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ։
Իր հօր երաշխաւորութեամբ՝ ան ընդունուած է երբեմնի ծանօթ լրագրող Ժան-Փիէր Էլքապաշի կողմէ եւ վարժընթացի համար մտած է LCP AN/Public Sénat հեռատեսիլի կայան, ուր ալ սկսած է անոր լրագրական ասպարէզը, Էլքապաշի կողքին վարելով «Paroles du monde» յայտագրի հաղորդումը։
Լրագրողուհին 2015-էն ի վեր կողակիցն է եւրոերեսփոխան Ռաֆայէլ Կլիւքսմանի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։