Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Կեդրոն–Վալ-տը-Լուառի մէջ 12 հայ ձերբակալուած է ծխախոտի մաքսանենգութեան յանցանքով

Դատական ոստիկանութիւնը եւ Օռլէանի (Լուառէ նահանգ) միջնախարարական հետազօտական խումբը յայտնաբերած ու վերջ դրած են ծխախոտի հսկայածաւալ մաքսանենգութեան մը. մաքսանենգները իրենց ապօրինաբար երկիր մտցուցած  ապրանքները,– նաեւ՝ կեղծուած վաճառանիշով ծխախոտ,–  կը ծախէին առաւելաբար կեդրոնական եւ արեւմտեան Ֆրանսայի մէջ:

Ըստ Օռլէանի դատախազութեան եւ դատական ոստիկանութեան՝ ցանցը չէզոքացուած է Փետրուար 28-ին:

Ձերբակալուած է 12 հայ մաքսանենգ, որոնք 2021 թուականէն ի վեր վաճառած են շուրջ 2 թոն մաքսանենգ ծխախոտ եւ առնուազն 500 խոշոր խաւաքարտ տուփ (իւրաքանչիւրը՝ 50 գառթուշէ՝ 10 տուփնոց ծրարէ բաղկացած) կեղծ ծխախոտ, զորս կը բերէին գլխաւորաբար Լեհաստանէն։

Մինչ Ֆրանսայի մէջ ծխախոտի գինը օրէ-օր կը բարձրանայ (գառթուշը խանութներու մէջ կը վաճառուի 110-էն 120 եւրոյի միջեւ), մաքսանենգ գառթուշը կը վաճառուէր 50-էն 55 եւրոյի, իսկ կեղծ ծխախոտի գառթուշը՝ 35-էն 40 եւրոյի։

Ոստիկանութիւնը գրաւած է 40.000 եւրօ գումար, 200 գառթուշ կեղծ ծխախոտ, 100 գառթուշ մաքսանենգ ծխախոտ, կառքեր եւ զէնքեր։