Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.-
«Ֆրանսայի դեսպանը և դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը հայ ժողովուրդին կը յղեն խաղաղութեան, երջանկութեան, բարգաւաճման իրենց բարեմաղթանքները՝ 2022-ին համար։
Ֆրանսա, որ վերջերս ստանձնեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, կը շարունակէ գործել ի նպաստ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաև Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջև համագործակցութեան ամրապնդման»։