Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF) նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 14-ին Մարսիլիոյ եւ 15-ին Փարիզի եւ Լիոնի մէջ կազմակերպուեցան ցոյցեր (Սեպտեմբեր 17-ին ալ՝ Վալանսի մէջ), որոնց ընթացքին խստօրէն դատապարտուեցաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ազերպայճանի յարձակումը եւ Ալիեւը կանգնեցնելու կոչ յղուեցաւ միջազգային հանրութեան։
Փարիզի ցոյցը
Մայրաքաղաքիս մէջ, Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Քէ տ՚Օրսէի շէնքէն քանի մը մեթր անդին, ժամը 18-ին սկսած հանրահաւաքին հետզհետէ փութաց հոծ բազմութիւն մը։ Ցուցարարները եկած էին հայկական, արցախեան եւ ֆրանսական դրօշներով (կային քրտական դրօշներ ալ), բայց նաեւ զանազան պատգամներ կրող բազմաթիւ պաստառներով, ինչպէս՝ «Վե՛րջ Արցախի գաղութացման», «Կա՛նգ առ Ալիեւ. Ալիեւը՝ Հայաստանէն դուրս», «Փանթուրքութիւն = ֆաշականութիւն», «Վե՛րջ ծաւալապաշտական պատերազմներուն», «Փանթուրքութիւնը կը փորձէ մեզ փճացնել. մե՛նք փճացնենք զայն».
Հակառակ անոր, որ զարգացումներու բերմամբ այս ցոյցերը կազմակերպուած էին քիչ մը հապճեպով, բայց եւ այնպէս մասնակցութեան կոչին ընդառաջած էին բազմաթիւ ընտրեալներ, որոնք կ՚ուզէին իրենց զօրակցութիւնը յայտնել Հայաստանին, Արցախին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին։
Յաջորդաբար խօսք առին CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան, Փարիզի 4-րդ ընտրաշրջանէն երեսփոխանուհի Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ, Էսոն նահանգի (Փարիզեան շրջան) 6-րդ ընտրաշրջանէն երեսփոխան Ժերոմ Կեճ, Տնտեսութեան փոխնախարար Կապրիէլ Աթալ, Իլ-տը-Ֆրանսի նախագահուհի Վալերի Փեքրէսի անունով՝ Փաթրիք Քարամ, Ֆրանսայի Քրտական ժողովրդավարական խորհուրդի բանբեր Պերիվան Ֆըրաթ, Ֆրանսայի կիպրական համայնքի ներկայացուցիչ Անտրէաս Մաւրոմաթիս եւ հուսկ՝ CCAF-ի միւս համանախագահը՝ Մուրատ Փափազեան։
Շատ երկար պիտի ըլլար հոս մանրամասնօրէն անդրադառնալ բոլոր ելոյթներու բովանդակութեան, որոնք որպէս հասարակաց յայտարար ունէին Ազերպայճանի հակահայ քաղաքականութեան, Արցախի եւ ներկայիս ալ Հայաստանի վրայ յարձակումներուն, մարդասիրական բնագաւառի ոճիրներուն, փանթուրքականութեան նուաճողական քաղաքականութեան, թուրքեւազերի ծաւալապաշտական նկրտումներուն խստօրէն դատապարտումը։
Արտասանուած ճառերուն մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի էին՝ այլեւս խօսքէն գործի անցնելու (յիշեցումով որ՝ ներկայիս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը կը վարէ Ֆրանսա), Հայաստանի ապահովութեան որպէս միակ եւ իսկական երաշխիք՝ երկրի պատշաճ սպառազինման աջակցելու, իբրեւ խաղաղապահ վստահելի տարր՝ հակամարտութեան շրջանին մէջ միջազգային Կապոյտ սաղաւարտաւորներու տեղակայումը ձեռք ձգելու ուղղութեամբ աշխատելու մասին մտքերը։
Թ.Շ.