Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – ՕՎԵՐՆԵԸ–ՌՈՆ ԱԼՓԻ ՇՐՋԱՆ – Արցախի սենեկային նուագախումբի հրաշալի ելոյթը

Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի անկախութեան 31-րդ տարեդրաձին առիթով, Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած  Արցախի սենեկային նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Լիոնէն ոչ հեռու, «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնին մօտ գտնուող կանաչապատ վայրին մէջ, բազմահարիւր երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Շրջանային խորհուրդի նախագահ եւ հանդիսութեան նախաձեռնող Լօռան Վոքիէ, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ  Յովհաննէս Գէորգեան, Արցախի Տարածքային կառավարման և ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան, Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Անահիտ Յակոբեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխաններ, քաղաքապետեր, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Իր ելոյթին մէջ Լօռան Վոքիէ յայտնեց.-

“Ի՞նչը յոյսի այսպիսի խորհրդանիշ կրնար հանդիսանալ, քան հոս՝ մեր շրջանին մէջ, Արցախի անկախութեան հռչակման այս օրը ողջունելը ազգային նուագախումբին երաժիշտները, որոնք կենդանի կը պահեն հայ երաժշտութիւնը։

Ես երախտապարտ եմ այն ամէն ինչի համար, որ կը ներկայացնէ հայ համայնքը մեր երկրին մէջ։ Հազուադէպ են այն հայ ընտանիքները, որոնք կ՚ապրին Ֆրանսայի հողին վրայ եւ չունին Ցեղասպանութեան կոտորուած իրենց ընտանիքի յիշատակը։ Մինչ ուրիշներ կ՚ընտրեն խռովութիւնը Ֆրանսայի նկատմամբ, դուք միշտ ըսիք, որ՝ «մենք կրնա՛նք սիրել Ֆրանսան՝ չկորսնցնելով հանդերձ ձեր արմատները, որոնք այնքան խոր կերպով ամրացած են Հայաստանի մէջ:

Ինչ ալ ըլլան սպառնալիքները, ստորնութիւնները, ենթարկումները՝ ես միշտ պիտի ըլլամ Հայաստանի եւ Արցախի կողքին, Արեւելքի այս քրիստոնեաներու կողքին, որոնք կոտորուելու վտանգի դէմ-յանդիման կը գտնուին, եթէ մենք թոյլ տանք, որ ամէն ինչ կատարուի լռութեան մէջ: Իմացէ՛ք, որ ինչպէս այս իրիկուն հոս գտնուող Արցախի ազգային նուագախումբին, այնպէս ալ Հայաստանի ձայնն ու անոր քաղաքակրթութիւնը պիտի չշիջին”։

Իր կարգին, դեսպանուհի Տոլմաջեան շնորհակալութիւն յայտնեց պրն Վոքիէին՝  Արցախի անկախութեան նուիրուած երեկոյթի նախաձեռնութեան եւ այդ առիթով Արցախի սենեկային նուագախմբը հրաւիրելուն համար։ Ան իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնեց Շրջանային խորհուրդին՝ Արցախին եւ Արցախահայութեան ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար, ընդգծելով յատկապէս՝ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի օրերուն ի նպաստ Արցախի անկախութեան ճանաչման՝ Շրջանային խորհուրդի ընդունած որոշումն ու պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման համար տրամադրած մարդասիրական օժանդակութիւնը։ Դեսպանուհին նաեւ նշեց, որ Արցախի սենեկային նուագախումբի կատարողութեամբ նման խորհրդանշական համերգի կազմակերպումը այդ շարունակական աջակցութեան եւ համերաշխութեան նոր մէկ դրսեւորումն է։ 

Երեկոյթին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ նախարար Խանումեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութիւնը վայելող համերգին հնչեցին Կոմիտաս վարդապետի, Առնօ Բաբաջանեանի, հայ եւ օտար այլ անուանի երգահաններու ստեղծագործութիւնները։

Արցախի սենեկային նուագախումբը նման համերգներ կու տար նաեւ Մարսիլիոյ եւ Պրիւսէլի մէջ, յաջորդաբար Սեպտեմբեր 4-ին եւ 6ին։ 

Թ.Շ.