Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսահայ թենոր Ռուբէն Էլբակեան պարգեւատրուած է ոսկէ շքանշանով

Օփերայի ֆրանսահայ հանրածանօթ երգիչ, թենոր Ռուբէն Էլբակեան պարգեւատրուած է «Ֆրանսայի մարդասիրական մեծ մրցանակ» (Grand Prix Humanitaire de France) հիմնադրամի 2020 թուականի ոսկէ շքանշանով:

Ընկերակցութիւնը խումբ մը նուիրեալներու եւ արժանաւորներու 2020-ի իրենց շքանշանները արդէն յանձնած է անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Սիսթըրոնի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին։ Սակայն անոնցմէ ութին,- ի շարս որոնց՝ Էլբակեանին,- պարգեւները զանազան պատճառներով այդ առիթով յանձնել կարելի եղած չըլլալով՝ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25-ին Ծերակոյտի սրահներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած է երկրորդ հանդիսութիւն մը, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ պատուոյ հիւրերու ներկայութեամբ։

Հայ արուեստագէտը ֆրանսական այս բարձր գնահատականին արժանացած է իր կատարած աշխատանքին եւ բարեսիրական բազմաթիւ համերգներու համար:

Էլբակեան Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը իր ուսումը ստացած է Գոհար Գասպարեանի, ապա Տաթեւիկ Սազանդարեանի դասարաններուն մէջ: Այնուհետեւ, ան իր երաժշտական կեանքը շարունակած է Ֆրանսայի մէջ, ուր սկսած է հանդէս գալ բազմաթիւ մենահամերգներով՝ յաճախ բարեսիրական:

Ապրելով ու ստեղծագործելով Ֆրանսայի մէջ, Էլբակեան երբեք չէ կտրուած Հայրենիքէն: Անոր երգացանկի անբաժանելի մաս կազմած են հայկական երաժշտական գոհարները, նախ եւ առաջ՝ Կոմիտասը:

Ինչ կը վերաբերի «Ֆրանսայի մարդասիրական մեծ մրցանակ» հիմնադրամին, ան ունի հին պատմութիւն: Ստեղծուած է 1892-ին Փարիզ եւ առաջին իսկ օրէն նպատակ ունեցած է մեծարելու գործուն մարդիկ եւ անհատներ՝ իրենց ծաւալուն գործունէութեան ու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն բերած աջակցութեան համար: Իր հիմնադրութենէն ի վեր՝ «Ֆրանսայի մարդասիրական մեծ մրցանակ»-ի մրցանակակիրներու թիւը գերազանցած է 16.500-ը։ Իւրայատուկ այս պարգեւին արժանացած են Մոնաքոյի իշխանուհի Կրեյսը (1965), Օռլէանի իշխանուհի Տիանը (1990), Մոնաքոյի իշխան Ալպեր Բ.ը (2007) եւ ծանօթ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ: