Փաստաբան Ֆրանսուա Տեվեճեան եւ Ծերակոյտի հանրապետականներու (LR) փոխնախագահ Վալերի Պուայէ «X» ընկերային ցանցի վրայ խստօրէն կը դատապարտեն Կազայի եւ Արցախահայութեան իրավիճակներուն նկատմամբ ցուցաբերուած տարբեր՝ անարդար վերաբերումը։ «Չենք կրնար չմտահոգուիլ ի տես Կազայի եւ Արցախի նկատմամբ տարբեր վերաբերումներուն»,– կը գրէ Ֆրանսուա Տեվեճեան։ Ան կ՚ընդգծէ, որ անոնք որոնք այսօր կ՚ողջունեն Պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը, յաճախ նոյն անձերն են որոնք անցեալին մերժեցին «ճանաչումը Արցախի, որ մինչդեռ հանրաքուէով հաստատուած էր եւ այն ժամանակուան խորհրդային սահմանադրութեան յարգանքով»։ Տեվեճեանի այս պատգամին արձագանգելով՝ Վալերի Պուայէ ալ զօրակցած է այս դատապարտումին, մատնանշելով միջազգային վերաբերումին մէջ երկու չափ-երկու կշիռի կիրարկումը՝ գրելով. «Արդարութիւնը, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը… ասոնք են, որ զօրակոչի կը մղեն ի նպաստ Կազայի, բայց ոչ ոքի հոգն է Արցախը։ Մինչդեռ հայերը ոչ ոք մորթած են, ոչ ալ գերիներ տանջած, ընդհակառակն իրենք իսկ գերիներ են, ժողովրդավարներ են… բայց՝ երեսի վրայ լքուած»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։