Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ  կ՚այցելէ Հայաստան

Մայիս 26-ին, պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ: Լուրը կը հաղորդէ ԱԳ նախարարութիւնը։

Նոյն օրը տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու ԱԳ նախարարներու հանդիպումը, որուն կը յաջորդէ մամլոյ ասուլիս մը:

Ժան-Նոէլ Պառօ «Երեւանեան երկխօսութիւն» ժողովի շրջանակին մէջ կը մասնակցի նաեւ առանձին քննարկումներու։