Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Քաթրին Գոլոնա անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի փակման հարցին յայտարարած է, թէ անընդունելի է միջանցքի շրջափակումը եւ Ազերպայճան պէտք է յարգէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը՝ անյապաղ վերականգնելով միջանցքի ազատ տեղաշարժը։
«Ատիկա Ազերպայճանի պարտաւորութիւնն է եւ օրէնքը պէտք է յարգուի։ Ֆրանսա կը մասնակցի Եւրոպական Միութեան առաքելական, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու միջեւ ապահովութեան հարցերուն ու շփումներուն»,– ընդգծած է Գոլոնա, կարեւոր նկատելով Կարմիր Խաչի գործունէութիւնը՝ մարդասիրական հարցերու լուծման հոլովոյթին մէջ։
«Առաջնահերթութիւնը կը մնայ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակումը եւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնը։ Մենք Եւրոպական եւ ԱՄՆ-ու գործակիցներու հետ պատրաստ ենք օգտակար ըլլալ»,– եզրափակած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհին։