Նոյեմբեր 16-ին, Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.-
«Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը բարձր կը գնահատէ ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որ խստօրէն կը դատապարտէ ազերպայճանական նախայարձակումը: Դէմ քուէարկած է միայն ազերպայճանամէտ եւ Ալիեւներու քլանի մտերիմ Նաթալի Կուլէն, որու եղծանուած ըլլալը արդէն ակնյայտ է բոլորին համար:
Այս բանաձեւը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հարցին շուրջ կայ ֆրանսական քաղաքական փոխհամաձայնութիւն, մասնաւորապէս` օրէնսդրական մակարդակի վրայ: Եւ մենք յառաջիկայ օրերուն կը սպասենք համանման բանաձեւի ընդունումին` Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ:
Այս բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութեան վրայ առաւել բարձր ճնշում եւ պարտաւորութիւն պիտի ըլլայ, որպէսզի իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ ի վերջոյ պատիժներու ձեռնարկէ ազերպայճանցի նախայարձակին դէմ: Այս հարցին մէջ Ֆրանսայի հայ համայնքը, Հայ դատի յանձնախումբը եւ ֆրանսացի երեսփոխանները առանձին պիտի ըլլան, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ հայաստանեան դիւանագիտութիւնը չգործեն նոյն ուղղութեամբ:
Բանաձեւին մէջ կայ երկրորդ շատ կարեւոր կէտ մը: Մինչ տարբեր քաղաքական ուժեր կը փորձեն խեղդել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն շուրջ քննարկումները եւ նիւթը փակ նկատել, յատկանշական է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը վերահաստատէ 2020-ի իր պահանջը, Ֆրանսայի կառավարութեան անգամ մը եւս կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Ծերակոյտը նաեւ կը պահանջէ Արցախի մէջ ֆրանսական մարդասիրական կեդրոն հիմնել:
Հայ դատի յանձնախումբը կը սատարէ այս առաջարկին եւ կը վերահաստատէ իր անվերապահ պատրաստակամութիւնը` համագործակցելու ֆրանսացի քաղաքական դասին հետ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան, անկախութեան եւ ազատագրութեան»: