Երեւան. Բժշկական զբօսաշրջութիւն – Հայաստան կը ձգտի դառնալ ոլորտի համաշխարհային խաչմերուկ

Բժշկական զբօսաշրջութիւն

2026 Սեպտեմբեր 21-էն 23, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Բժշկական զբօսաշրջութեան համաշխարհային համաժողովը, որուն նպատակն է Հայաստանի դիրքերը ամրապնդել այս արագ զարգացող շուկային մէջ։

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէին եւ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան (UN Tourism) հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս համաժողովը կը կրէ «Ճամբորդել բուժման համար, մնալ ապաքինման համար. երբ հիւանդները կը դառնան հիւրեր» խորագիրը։ Եռօրեայ հաւաքը պիտի մէկտեղէ առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ ներդրումային ոլորտներու միջազգային առաջատար դերակատարները, քննարկելու՝ հիւանդներու վստահութեան ամրապնդման եւ բուժման բարձր որակի ապահովման ռազմավարութիւնները։

Անդրսահմանային բժշկական խնամքի աճող պահանջարկի ենթախորքին, Հայաստան կը ձգտի դառնալ մրցունակ ուղղութիւն մը՝ յենլով իր բարձրորակ մասնագէտներուն, Արեւմուտքի համեմատ մատչելի գիներուն եւ աւանդական հիւրընկալութեան վրայ։ Հայաստանի ռազմավարութիւնն է բուժումը միաձուլել զբօսաշրջային փորձառութեան հետ՝ հիւրերուն առաջարկելով ապաքինման փուլը անցընել հարուստ մշակութային եւ բնական միջավայրի մէջ։

Համաժողովի օրակարգը կ՚ընդգրկէ նաեւ թուային առողջապահութեան, արհեստական բանականութեան, հաստատութիւններու հաւատարմագրման եւ միջազգային գործընկերութեան վերաբերող խնդիրներ։ Այս իրադարձութիւնը կարեւոր քայլ մըն է՝ խստապահանջ համաշխարհային շուկային մէջ Հայաստանի տեսանելիութիւնը բարձրացնելու համար։

Մանրամասնութիւններուեւարձանագրութեանհամարկարելիէայցելելնախաձեռնութեանպաշտօնականկայքէջը՝

https://events.armenia.travel/