Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Հակահայ թռուցիկներ՝ Լոս Անճըլըսի տարածքին

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-էն կը տեղեկանանք, որ Յունուար 28-ին, Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, թէ կը հետապնդէ քաղաքի տարածքին եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ տեսնուած հակահայ թռուցիկներու հարցը, որոնք ատելութեամբ լեցուն սպառնական գրութիւններ կը պարունակէին։

Թռուցիկները տարածուած էին այն օրը, երբ Հայ երիտասարդները Արցախի պաշարման դէմ քայլարշաւ-բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Ազերպայճանի հիւպատոսրանին առջեւ։ 

Թռուցիկներուն վրայ գրուած է հետեւեալը. «Ազերպայճան, Թուրքիա, Փաքիստան եւ Իսրայէլ 4 եղբայրներ են, որոնք քարտէսէն պիտի ջնջեն Հայաստանը, եթէ Աստուած կամենայ»։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս կապակցութեամբ անմիջապէս կապ հաստատած է տեղական ապահովական մարմիններուն հետ եւ համացանցային արշաւով դատապարտած է ատելութիւն հրահրող նշեալ թռուցիկները, որոնք դատապարտուեցան նաեւ Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետ Լիլ Պասի կողմէ։

“Այս թռուցիկները Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակելու արշաւին մէկ մասնիկը կը հանդիսանան”,– յայտնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետին՝ այս արարքին արագօրէն հակադարձելուն համար եւ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ հրէական կազմակերպութիւններ եւս կը դատապարտեն զայն։

Յիշեցնենք, որ նման հակահայ յարձակումներ վերջին քանի մը տարիներուն տեղի ունեցան նաեւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի Ֆերահեան եւ Մանուկեան վարժարաններուն ու Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գրուզեան-Զարգարեան-Վասպուրական վարժարանին դէմ։

Ծերակուտական Էտըմ Շիֆ կը դատապարտէ հակահայ մոլեռանդութիւնը

ԱՄՆ-ու ծերակուտական Էտըմ Շիֆ դատապարտելով այս թռուցիկները, թուիթըրեան իր հաշիւին գրած է, թէ Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ազերպայճանի կողմէ պատերազմի իրական սպառնալիքի առջեւ:

«Ցնցող էր տեսնել հայերու դեմ ցեղասպանութիւն քարոզող թռուցիկներ: Մենք բոլորս պէտք է խստօրէն դատապարտենք այս մոլեռանդութիւնը։

Հայութիւնը աջակցութեան կարիք ունի, այլ ոչ թէ ատելութեան»,– գրած է Շիֆ: