2023-ին պիտի աւարտէր, 2026-ին տակաւին չէ սկսած. Հայաստանի մեծագոյն արեգակնային կայանին առեղծուածը

Screenshot

Նկարը արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած է. ձախին՝ ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, աջին՝ «Մաստար» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մուհամմէտ Ճամիլ ալ Ռամահի

Հայաստանի մեծագոյն արեգակնային ելեկտրակայանը կառուցելու ծրագիրը, որուն աշխատանքները պիտի աւարտէին 2023-ի վերջաւորութեան, Հոկտեմբեր 2026-ի դրութեամբ տակաւին չէ մտած շինարարութեան փուլ։ Աւելի՛ն, իշխանութիւնները առայժմ չեն կրնար յստակացնել ո՛չ աշխատանքներուն սկսելու, ո՛չ ալ աւարտելու թուականները։

«Ինֆոքոմ»-ի հարցումին պատասխանելով՝ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ էմիրաթական «Մաստար» ընկերութեան հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ թէ ժամանակացոյցը կարելի պիտի ըլլայ ճշդել միայն պայմանագրային փաստաթուղթերուն վերջնականացումէն ետք։

Խօսքը «Այգ-1» ծրագրին մասին է, որուն հիմերը դրուած էին 2019-ին։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Մաստար» ընկերութեան ներդրումով՝ շուրջ 174 միլիոն տոլար արժողութեամբ, Արագածոտնի մարզի Թալինի եւ Դաշտադէմի միջեւ պիտի կառուցուէր 200 մեկավաթ հզօրութեամբ արեգակնային ելեկտրակայան մը՝ Հայաստանի մեծագոյնը։

Սակայն նախատեսուած պայմանաժամերը յաջորդաբար փոփոխութեան ենթարկուեցան։ 2021-ին յայտարարուեցաւ, թէ շինարարութիւնը պիտի տեւէ երկու տարի։ Իսկ 2025 Ապրիլին, «Մաստար»ի ղեկավարութեան հետ հանդիպումէ մը ետք, Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան հաւաստեց, թէ աշխատանքները պիտի սկսին 2026-ի սկիզբը։ Այդ խոստումն ալ չէ իրականացած։

Ուշացումին պատճառներուն շարքին է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու հիմնադրամին՝ ԱՆԻՖ-ի լուծարումը 2024-ին, որ բարդացուցած է ծրագրին մէջ հայկական կողմին պատկանող 15 առ հարիւր բաժնեմասին փոխանցումը։

«Մաստար» ընկերութիւնը ընդդիմացած էր ծրագրին մէջ հայկական կողմին պատկանող 15 առ հարիւր բաժնեմասին Տնտեսութեան նախարարութեան անմիջական տնօրինութեան յանձնումին։ Այս խոչընդոտը յաղթահարելու համար կառավարութիւնը 2025 Յունիսին հիմնած է «Արեւային էներգետիկայի զարգացման» պետական ընկերութիւնը, որուն դրամագլուխին մէջ ներդրուած են շուրջ 2,9 միլիառ դրամ արժողութեամբ պետական հողամասեր։ Ընկերութեան գործունէութեան համար 2025-ին պետական պիւտճէէն ծախսուած է նաեւ 18,4 միլիոն դրամ։

Սակայն վարչական այս վերադասաւորումներէն ետք ալ ծրագիրը տեղէն չէ շարժած։ Աւելի՛ն, լուծարման ընթացքի մէջ գտնուող ԱՆԻՖ-ի շուրջ 3,7 միլիառ դրամի պարտքերը նոր մտահոգութեան պատճառ են, քանի որ անոր սնանկութեան պարագային կրնան խնդրոյ առարկայ դառնալ ծրագրին յատկացուած հողերուն եւ պետական բաժնեմասին փոխանցումները։ Թէ այս հանգամանքը որքանո՛վ կը խոչընդոտէ շինարարութեան մեկնարկը, տակաւին յստակ չէ։

Այսպէսով, տարիներու բանակցութիւններէն, կառավարական որոշումներէն, պետական հողերու յատկացումէն եւ նոր ընկերութեան հիմնադրումէն ետք, 174 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը կը մնայ թուղթի վրայ։