Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ազերպայճան կ՚ոչնչացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական հոգեւոր ժառանգութիւնը»

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան զեկոյցը

 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնաժողովի (USCIRF) 2022-ի զեկոյցը, ուր Ազերպայճան ներառուած է յատուկ վերահսկողութեան տակ գտնուող երկիրներու ցանկին մէջ։

«Միջազգային մարմինները եւ այլ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն կասկածի տակ առնել Ազերպայճանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող յարակից տարածքներու մէջ։ 

Փետրուարին օրուան Մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով յայտարարեց եկեղեցիներէն հայ առաքելական արձանագրութիւնները ջնջելու աշխատանքային խումբ ստեղծելու մասին։ Ըստ երեւոյթին, կառավարութիւնը հրաժարեցաւ այդ ծրագրէն՝ միջազգային զայրոյթէն յետոյ, իսկ Մարտ ամսուն Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտեց Ազերպայճանի շարունակական քաղաքականութիւնը՝ ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայքին մէջ:

USCIRF-ը կ՚առաջարկէ ԱՄՆ-ու կառավարութեան “նիւթական միջոցներ տրամադրել Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի ԱՄՆ-ու դեսպանութեան՝ վերականգնելու, պահպանելու պաշտամունքի եւ այլ կրօնական կամ մշակութային վայրերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու մէջ»: