ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Յարգելի՛ քաղաքացիներ,
Կը տեղեկացենք, որ Յունիս 13-էն Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հիւպատոսական ծառայութիւններու ժամադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ առցանց եղանակով:
Ժամադրութեան եւ մատուցուող ծառայութիւններու վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար կը խնդրենք այցելել հիւպատոսական ելեկտրոնային համակարգը հետեւեալ յղումով՝ https://consular.e-gov.am։
Կայքին վրայ մանրամասն ներկայացուած է նաեւ անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ցանկը:
Կը խնդրենք ուշադրութեամբ կարդալ անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ցանկը եւ հիւպատոսական բաժին ներկայանալ միայն փաստաթուղթերու ամբողջական թղթածրարով (պատճէնները՝ 2 օրինակով) եւ նախապէս հաստատուած օրերուն ու ժամերուն։
Հիւպատոսական ծառայութիւններու համար սահմանուած պետական տուրքի վճարումը կատարել հետեւեալ յղումով. https://www.mfa.am/hy/fees/ (ծառայութիւնը ընտրելէ ետք, կը խնդրենք նշել երկիրը՝ Ֆրանսա, Փարիզ):
Հիւպատոսական հարցերու վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կը խնդրենք հեռաձայնել Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի օրերը ժամը 14.30-17 հետեւեալ թիւերուն՝ (+33) 01 42 12 98 02, (+33) 01 42 12 98 00 կամ գրել rdv.paris@mfa.am ելեկտրոնային հասցէին՝ նշելով անուն, մականուն եւ հեռաձայնի թիւ։
Դեսպանութեան տուեալներ․
Հասցէ` 9, Rue Viète, Paris, 75017 France
Հեռաձայն` (+33) 01 42 12 98 00
Ֆաքս` (+33) 01 42 12 98 03
Ել-փոստ` paris@mfa.am