Մայիս 20-ին, Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցած է Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած բազմահազարնոց հանրահաւաքը, որուն մասնակցած են Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն ժամանած քաղաքացիներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ:
Հանրահաւաքը սկսած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սիւնեաց թեմի հոգեւորականներու օրհնութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով:
Ելոյթներ ունեցած են Սիսական գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեան («Աշոտ երկաթ»), ՀՅԴ Երիտասարդականի պատասխանատու Գոռ Սարգսեան, «Համախմբում» շարժումի խորհուրդի անդամ Աւետիք Չալաբեան, ՀՅԴ քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, «Կամաւորական շարժում»-ի նախագահ Հրանդ Մարգարեան, որոնք յայտարարած են, թէ երբեք պիտի չընդունին Արցախը Ազերպայճանի կազմին մէջ ներառող որեւէ որոշում եւ փաստաթուղթ, ընդհակառակն՝ պիտի շարունակեն պայքարը յանուն Արցախի ազատագրութեան։
Նշենք, թէ նոյն պահուն Արցախի մէջ նոյնպէս տեղի ունեցած է երթ եւ հանրահաւաք՝ յաջակցութիւն Կոռնիձոր համախմբուած ժողովուրդին: Արցախցիները՝ Ստեփանակերտի Զինուորական Պանթէոնէն քայլերթով շարժած են դէպի Արցախը Մայր Հայաստանին կապող կառուղիի Զառին բաղ կոչուող տեղամասը։
Հանրահաւաքին մասնակցած են մեծ թիւով երիտասարդներ։
Կոռնիձորի հանրահաւաքի մասնակիցներուն ուղերձը
«Մենք՝ Արցախի եւ արցախահայութեան զօրակցութեան հանրահաւաքի մասնակիցներս յայտարարում ենք, որ՝
Հայութիւնն ունի բաւարար ներուժ յաղթահարելու առկայ մարտահրաւէրները եւ բեկում մտցնելու վիճակի մէջ.
Հայութեան դիմադրութեան ոգին անկոտրում է, Ադրբեջանը մեծ գին է վճարելու իր սադրանքի ու յարձակողական գործողութիւնների համար.
Արցախի ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման դէմ կատարուող որեւէ գործողութիւն արժանանալու է հակազդեցութեան, ում կողմից էլ որ այն կատարուի.
Արցախի ինքնիշխանութեան եւ Արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովմանն ուղղուած ռազմավարական ծրագրի մշակումը եւ գործադրումը Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների պարտաւորութիւնն է.
Հայաստանի որեւէ իշխանութեան իւրաքանչիւր գործողութիւն, որը կասկածի տակ կը դնի Արցախում անցկացուած հանրաքուէների արդիւնքները, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու դրա անքակտելի մասը կազմող անկախութեան հռչակագիրը, ի սկզբանէ առ ոչինչ են.
Կանխելու ենք խաղաղութեան անուան տակ կենսական զիջումներ պարտադրող անձնատուական պայմանագրի ընդունումը, չենք հանդուրժելու առանց ժողովրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում.
Իրական եւ երաշխաւորուած խաղաղութիւն կարող է լինել, եթէ այն հաստատուած է արդարութեան ու ճշմարտութեան վրայ։ Չի կարող լինել խաղաղութիւն, քանի դեռ գերեվարուած են Հադրութն ու Շուշին, քանի դեռ շրջափակուած է Արցախը, վտանգուած է Արցախահայութեան ազատ ապրելու իրաւունքը.
Մեր պայքարը շարունակական է՝ հարկ եղած դէպքում մենք պատրաստ ենք մէկ մարդու պես զինուորագրուել եւ պաշտպանել մեր հայրենիքը։ Ստեղծուած իրավիճակում պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրատապ խնդիրների լուծումը այլընտրանք չունի.
Որպէս արժանապատիւ եւ հայրենատէր Հայեր մենք վճռական ենք ու տէր ենք Արցախին։ Մենք բոլորս արցախցի ենք եւ ունենք կամք ազատագրելու Արցախը շրջափակումից, վերականգնելու Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը։
Արցախը եղել ու շարունակելու է լինել հայկական։
Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»։