Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ըստ ԱԱԾ-ի՝ Հայաստանի մէջ զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպման եւ գործադրման իրական վտանգներ կան

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը  (ԱԱԾ) հրապարակած յայտարարութեամբ կ՚ազդարարէ, թէ ներկայիս Հայաստանի մէջ առկայ են զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպման եւ գործադրման իրական վտանգներ: ԱԱԾ կը յորդորէ տուրք չտալ հաւանական գրգռութիւններուն, ցուցաբերել քաղաքացիական բարձր պատասխանատւութիւն, զերծ մնալ հանրութեան մէջ ատելութիւն, թշնամանք տարածելու, հրապարակային ելոյթներու մէջ բռնութիւն գործադրելու կոչեր կամ որպէս բռնութիւն ընկալուող արտայայտութիւններ հնչեցնելու անթոյլատրելի գործելաոճէն, որոնք իրական նախադրեալներ կրնան ստեղծել երկրի ներքին անվտանգութեան խաթարման կամ դատապարտելի այլ դրսեւորումներու համար:

Յայտարարութեան մէջ կը զգուշացուի որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պիտի ձեռնարկ օրէնքով նախատեսուած գործուն միջոցներու՝ հասարակութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու, պետութեան եւ քաղաքացիներու իրաւունքներն ու օրինական շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ՝ չէզոքացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին ապահովութիւնը ապակայունացնող որեւէ տեսակի գործողութիւն:

Կը նշուի, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ամբողջովին կը տիրապետէ իրավիճակին եւ հետեւողական պայքար կը տանի սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ պետութեան  անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխման, խափանման եւ անոնց բացայայտման ուղղութեամբ՝ հասարակութեան լայն շերտերուն կոչ ընելով դրսեւորելու բացառապէս օրինապաշտ  վարքագիծ եւ տուրք չտալու անձնական կամ քաղաքական նեղ մղումներով պայմանաւորուած, երկրի ներքին ապահովութիւնը ապակայունացնող  գրգռիչ կոչերուն ու յորդորներուն: