Հոկտեմբեր 18-ին, Լոս Անճըլըսի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ խորհուրդի նախագահ ընտրած է Փօլ Կրեկորեանը։ Ան առաջին Ամերիկահայն է որ կ՚ընտրուի այդ բարձր պաշտօնին։
Հայ դատի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբը ջերմօրէն շնորհաւորած է Կրեկորեանը։ «Սա իսկապէս պատմական պահ մըն է, եւ մենք անսահմանօրէն հպարտ ենք, որ ամերիկահայ համայնքը այժմ ունի իր բարձրաստիճան ընտրուած պաշտօնեան, որ պիտի ղեկավարէ Լոս Անճըլըսը այս դժուարին օրերուն»,– նշուած է յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։