Մարտ 16-ին, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Մայքըլ Ուոլց X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ, թէ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւնը պէտք է աւարտի, բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին։
Ան նշած է, թէ անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ խօսած է այդ երկրի նախագահի Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։
«Մենք գոհ ենք, որ Ազերպայճան եւ Հայաստան յառաջդիմութեան մեծ քայլ մը կատարած են եւ համաձայնած են խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Ես անոր ըսի, որ հիմա մենք պէտք է վերջնականացնենք այդ խաղաղութեան գործարքը, ազատ արձակենք բանտարկեալները եւ միասին աշխատինք տարածաշրջանը աւելի ապահով եւ բարգաւաճ դարձնելու ուղղութեամբ»,– կը գրէ Թրամփի խորհրդականը։
«Ամերիկայի ոսկեդարը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերէ աշխարհին եւ մենք պիտի չդադրինք աշխատելէ, մինչեւ որ այդ տեղի ունենայ»,– կ՚եզրափակէ ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։