ԹՈՒՐՔԻԱ – Ալիեւ. «Նախիջեւանը Ազերպայճանի պատմական տարածքն է»

Մարտ 5-ին, Անգարայի մէջ՝ Իգդիր-Նախիջեւան կազատարի բացման արարողութեան ընթացքին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Նախիջեւանը Ազերպայճանի պատմական տարածքն է, որ աւելի քան մէկ դար անջատուած է երկրի հիմնական մասէն եւ չունի ցամաքային կապ՝ խորհրդային վարչակազմին «Արեւմտեան Զանգեզուր»-ը (չակերտները՝ մեր կողմէ, նկատի ունի Հայաստանի Սիւնիքի մարզը) Ազերպայճանէն անջատելուն եւ Հայաստանին յանձնելուն պատճառով»:

Ան աւելցուցած է. “Այս երեւոյթը լուրջ անարդարութիւն է: Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի ընթացքին Հայաստան շրջափակած էր Նախիջեւանը։ Հայերը կը փափաքէին «բռնագրաւել» Նախիջեւանը, ինչպէս ըրին Ղարաբաղի պարագային: Հայրս՝ Հեյտար Ալիեւ, որ այն ժամանակ Նախիջեւանի ղեկավարն էր, թոյլ չտուաւ ատոր։ Բոլոր նախիջեւանցիները համախմբուեցան եւ պաշտպանեցին հայրենի հողը ու գրաւողները «իրենց տեղը դրին»։ Նախիջեւանը չգրաւելու պատճառներէն մէկը Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Յոյսի կամուրջի կառուցումն էր։ Թուրքիոյ օգնութիւնը նշանակալի ներդրում ունեցած է Նախիջեւանի անվտանգութեան մէջ”։

Նշենք, թէ Նախիջեւանը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մաս կազմած է։ Սակայն 1921 Մարտ 16-ին Խորհրդային Ռուսաստանը եւ Թուրքիան Մոսկուայի մէջ կնքած են պայմանագիր մը, ըստ որուն՝ Նախիջեւանը յանձնուած է Խորհրդային Ազերպայճանին։ Այժմ Նախիջեւանը հայաթափուած է եւ բռնակցուած Ազերպայճանի Հանրապետութեան։