Մարտ 16-ին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) ներկայացուցչութիւնը պարեկներ ուղարկած է հայ-ազերպայճանական սահմանային շրջաններ:
«Կացութիւնը կը մնայ հանդարտ եւ խաղաղ, ո՛չ մէկ արտասովոր գործունէութիւն կը նկատուի»,– նշուած է ԵՄ-ի առաքելութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Մարտ 16-ին Ազերպայճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը երեք անգամ սուտ տեղեկութիւն հրապարակած էր, թէ հայկական բանակայինները կրակ բացած են ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, իսկ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքած եւ ապատեղեկատւութիւն որակած էր զանոնք։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։