Հայաստան կը դիմէ ԵՏՅ-ին՝ հայկական ապրանքներու դէմ կիրարկուող սահմանափակումները վերցնելու պահանջով

Պտուղներ

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին (ԵՏՅ)՝ պահանջելով որպէս խոչընդոտ ճանչնալ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) տարածքին հայկական ապրանքներու ներածման դէմ ստեղծուած արգելքները։ Հայկական կողմը ներկայացուցած է անհրաժեշտ հիմնաւորումներ՝ կապուած լրացուցիչ վերահսկողութեան եւ փաստաթուղթերու անտեղի պահանջներուն հետ։

Բարձրացուած հարցերու եզրակացութիւնները արդէն պատրաստ են եւ կը գտնուին քննարկման փուլի մէջ, որմէ ետք պիտի դրուին քուէարկութեան։ Այս առնչութեամբ, Տնտեսութեան փոխնախարար Տիգրան Գասպարեան խորհրդարանին մէջ յայտնած է, որ Հայաստան բողոքարկած է յատկապէս Ռուսաստանի կողմէ կիրարկուող սահմանափակումները՝ շեշտելով, որ անոնք չեն համապատասխաներ ԵԱՏՄ-ի համաձայնագրերուն։ Ան յոյս յայտնած է, որ կառոյցի գործիքակազմին միջոցով կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել ազատ առեւտուրի սկզբունքները։

Միաժամանակ, փոխնախարարը ընդգծած է տնտեսութեան կայունութեան համար նոր շուկաներ բանալու եւ արտածումը բազմազանելու կառավարութեան երկարաժամկէտ ռազմավարութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ միջազգային շուկաներու համար հայկական ապրանքները պէտք է ապահովեն բարձր որակ եւ յաւելեալ արժէք։